image

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր մտահոգութիւնը արտայայտած է ներքաղաքական թէժացող գործընթացներու առնչութեամբ

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր մտահոգութիւնը արտայայտած է ներքաղաքական թէժացող գործընթացներու առնչութեամբ

ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր մտահոգութիւնը արտայայտած է Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ օրէ օր թէժացող գործընթացներու առնչութեամբ, որոնք դէպքերու որոշակի զարգացման պարագային կրնան յանգեցնել քաղաքացիական պատերազմի: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մամուլի խօսնակ Արման Մուսինեանը:

«ՀՀ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր խոր մտահոգութիւնը կ'արտայայտէ իշխանութեան համար մղուող պայքարի օրէ օր թէժացող ընթացքի կապակցութեամբ, որ, նոյնիսկ հակամարտող կողմերու կամքէն անկախ, որեւէ պատահական բռնարարքի կամ սադրանքի հետեւանքով, կրնայ յանգեցնել քաղաքացիական պատերազմի:  Իսկ այդ կ'ըլլայ արդէն ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայոց պետականութեան վերջը:

Առաջին նախագահը միաժամանակ յոյս կը փայփայէ, որ Ն. Փաշինեանն ու Վ. Մանուկեանը, լիովին գիտակցելով այս վտանգը, ամէն ջանք կը գործադրեն` խուսափելու համար իրադարձութիւններու ծաւալման նման ընթացքէն»,- գրած է Մուսինեանը: