Լաթաքիոյ հայ երեխաներուն համար ամանորեայ յատուկ միջոցառում մը տեղի ունեցած է: Նշենք, որ տօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցած Լաթաքիոյ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ եղած են մեծ թիւով հայորդիներ եւ Հալէպի ծանր վիճակին հետեւանքով Լաթաքիա ապաստանած գտած հայ ընտանիքներու երեխաներ: Ձեռնարկին յաւուր պատշաճի խօսքով հանդէս եկած է Տիկ. Անի Զէյթունեան-Արզումանեան: