Ալեքսանտր Լափշինի հետապնդումը, Ազրպէյճան անոր արտայանձնումը խօսքի ազատութեան եւ ազատ տեղաշարժի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնայարում է, որ կրկին անգամ ցոյց կու տայ բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ առկայ խոր անդունդը։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան։
«Միանշանակ է, որ քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչների, լրագրողների, զբօսաշրջիկների հոսքը Արցախ չի կանգնելու, այլ բազմապատկուելու է»,-ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ-էն, ըսած է խօսնակը։
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ունեցող յայտնի պլոկըրը, Արցախ այցելելէն ետք յայտնուած էր Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ», ապա 2-րդ անգամ այցելած էր Պաքու՝ ուքրանական անձնագրով: Լափշին նաեւ իր պլոկին մէջ հրապարակումներ կատարած էր Ազրպէյճանի մասին, ներկայացնելով այն խնդիրները, որոնց ինք բախուած էր այցելութեան ժամանակ, եւ քննադատած էր անոնց քաղաքականութիւնը: