Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ 15 հոկտեմբերին, կամ վաղը՝ 16 հոկտեմբերին, պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը` դեկտեմբերին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար:
«Ֆրանս 24» հեռուստաընկերութեան ան յայտնած էր, որ ընտրութիւնները «մօտաւորապէս 9-10 դեկտեմբերին, առաւել-նուազ մի քանի օր, այդ հատուածին տեղի պիտի ունենան»։
«Եւ ասոր համար ես պէտք է հրաժարական տամ մինչեւ 16 հոկտեմբերը ինկած ժամանակահատուածը», - ըսած էր Փաշինեան:
Ըստ Սահմանադրութեան՝ վարչապետի հրաժարական ներկայացնելու կամ վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու այլ պաարագային՝ կառավարութեան հրաժարականը ընդունուելէ ետք` եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ, Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրաւունք ունին առաջադրելու վարչապետի թեկնածուներ: Ազգային ժողովը վարչապետ կ'ընտրէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:
Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթ օր ետք կ'իրականացուի վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կ'արձակուի իրաւունքի ուժով:
Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ'իրականացուի Ազգային ժողովի արձակուելէն ոչ շուտ, քան երեսուն, եւ ոչ ուշ, քան քառասունհինգ օր ետք: