Քիչ առաջ կրակոց արձանագրուեցաւ Թուրքիոյ Կազի Այնթէպ քաղաքին մէջ: Այս մասին լուրը փոխանցեց Sky News կայանը: Աղբիւրը նոյնպէս հաղորդեց, որ քաղաքի գլխաւոր ոստիկանատան շէնքին առջեւ ապահովակամն մարմիններ սպաննած են մահապարտ մը, որ մտադիր էր մուտք գործել ոստիկանութեան շէնք: Թրքական աղբիւրներ իրենց կարգին լուր յայտնեցին, որ շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժի գոյութեան մասին լուրեր շրջառաուած են: