Միջազգային օրէնսդրութեան ընձեռած հնարաւորութեանէն ելլելով, Ապտըլ Հալիմ Խատտամ ֆրանսական ատեանի մը ներկայացած է, Փարիզի մէջ գտնուող սուրիական դեսպանատան կալանքի տակ դնելու հայցով, Սուրիա ունեցած իր հարստութեան փոխարէն: Ան պահանջած է սուրիական իշխանութիւններու ձեռք դրած Պանիասի իր կալուածներն ու Դամասկոսի շէնքերը: Այս մասին կը հաղորդէ BBC Arabic, աւելցնելով, թէ հայցը շահելու պարագային Խատտամ պիտի չվերադառնայ Սուրիա:
Յայտնենք, որ սուրիական իշխանութիւնները անոր հասցէին դաւաճանի վճիռ պիտի արձակեն, որ ըստ սուրիական օրէնսդրութեան կը թոյլատրէ դաւաճանին կալուածներուն առգրաւումը: