image

Իտալիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով 38 զոհուած է մարդ

Իտալիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով 38    զոհուած է  մարդ

Իտալիա- («Ալ-նահար»- Պէյրութ)- Իտալիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան պատասխանատու մը մամլոյ ասուլիս   տալով յայտարարած է, որ չորեքշաբթի առաւօտ Իտալոյ կեդրոնը հարուածած ուժեղ  երկրաշարժին հետեւանքով  զոհուած   են 38 անձեր, մինչ շատեր տակաւին կը մնան անյայտ: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը, նշելով, որ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան ղեկավար Իմաքոլաթա Պոսթիլիոնին ըսած է, 6 ռիխթըր  աստիճանի  զօրութեան վրայ արձանագուած երկրաշարժը  Հռոմի  հիւսիսարեւելեան կողմը, լեռնային շրջանին մէջ գտնուող 3 գիւղեր մասնակիօրէն աւերած է , պատճառելով ցարդ 38 զոհ: Ան նաեւ աւելցուցած է՝ «Տակաւին շատեր կը մնան փլատակներու տակ եւ կան շատ կորսուածներ, հետեւաբար ցաւօք, զոհերու թիւը կրնայ աճիլ»:Կը նշուի նաեւ, որ շուրջ 100 անյայտ կորսուածներ կան, որորնք իրենց տուներուն փլատակներուն տակ մնացած են՝ Պիսքարա Տիլ Թրոնթոյի  եւ  Արքուաթա Տիլ Թորոնթո   շրջաններուն մէջ: