Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ տարուան մայիսին: Այս մասին այսօր մամլոյ ասուլիսի մը պահուն յայտարարած է Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտըլ Րիտա Րահմանի Ֆատլի: Ֆատլի նշած է, որ նախագահական ընտրութիւնները յառաջաձգուած են Րամատան ամսուան պատճառով եւ անոնք պիտի կայացուին երկու փուլով՝ 19 եւ 26 մայիսին: Կը նշուի նաեւ, որ նախագահական ընտրութեանց օրը, նոյնպէս պիտի կատարուին «Մաճլէս շուրա»ի եւ «Տեղական ինքնակառավարման մարմնի» ընտրութիւններ: Յիշեցնենք, որ ըստ BBC Arabic կայանին գործող նախագահ Շէյխ Հասան Ռոհանի կը շարունակէ մնալ շիիթ ամէնէն հեղինակաւոր երկրի գլխաւոր նախագահական թեկնածուն: