image

Իրանի մէջ կրօններու խաղաղ գոյակցութիւնը եզակի երեւոյթ է. Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան

Իրանի մէջ կրօններու խաղաղ գոյակցութիւնը եզակի երեւոյթ է. Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան

Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան կիրակի օր Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի մէջ Սպահանի կառավարիչ Ռասուլ Զրքր Պուրիի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի մէջ տիրող համախմբուածութիւնը, խաղաղ գոյակցութիւնն ու կայուն անվտանգութիւնը, որ կը վայելեն միաստուածեան կրօններու հետեւորդները, յատկապէս՝ Սպահանի մէջ, եզակի երեւոյթ մըն է աշխարհով մէկ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «IRNA» լրատուական կայքը:

Քէչէճեան ակնարկելով անցնող տօնական օրերուն Աշխարհի մէջ տիրող մթնոլորտին, ըսած է՝ « Յիսուսի հետեւորդները տարբեր երկիրներու մէջ նոր տարուայ տօնակատարութիւնները նշեցին վախի եւ սարսափի  մթնոլորտի մէջ, սակայն Իրանի քրիստոնէութիւնը, յատկապէս հայերը, իրենց իսլամ եղբայրներու կողքին, երկրի ամբողջ տարածքով մէկ, տօնակատարութիւնները անցուցին  բացարձակ անվտանգութեան պայմաններու մէջ»:

Ան  անդրադառնալով տարբեր երկիրներու մէջ իր ծառայութեան  շրջաններուն, հաստատած է, որ Իրանի մէջ գոյութիւն ունեցող ապահովութիւնը իր նմանակը չունի, ընդգծելով, որ այս տարի եւս, մինչ շարք մը երկիրներու մէջ նոր տարուայ գիշերը ահաբեկչական գործողութիւններ գրանցուած են, Իրանի հայութիւնը, «Աստուծոյ կամքով եւ պատասխանատու մարմիններու ջանքերով, իրենց տօները անցուցին անվտանգութեան եւ կայունութեան մթնոլորտի մէջ»:

Հանդիպման աւարտին Սպահանի կառավարիչը իր հերթին, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներու առթիւ շնորհաւորած է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները, Իրանի քաղաքացիներնը եւ ի մասնաւորի՝ Սպահանի հայութիւնը, մաղթելով որ իրականանայ օրհնաբեր, խաղաղ եւ սիրով լի աշխարհ մը ունենալու բոլոր ժողովուրդներու ձգտումը: