Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը այսօր կ'ընտրէ իր նոր ՝ 12-րդ նախագահը: Ընտրութեանց այս փուլին մնացած են չորս թեկնածուներ եւ երկու հիմնական թեկնածուները կը համարուին գործող նախագահ՝ Շէյխ Հասան Ռոհանին եւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենիյիի մօտիկ անձնաւորութիւն համարուող ՝ Իպրահիմ Ռաիսին:
Բաւական սուր մրցակցութեան մէջ ընթացող այս ընտրութիւններուն կը նախատեսուի, որ մասնակցութիւն բերէ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 72 առ հարիւրը:
Երկու տարբեր դպրոցներու ՝ պահպանողական եւ բարեփոխական հոսանքներու ներկայացուցիչ համարուող թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը տարբեր հայացքներ ունի յատկապէս երկրի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ:
Մինչ Ռայիսի, որ իր առաջ դրած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ առկայ յարաբերութեանց սերտացումը, Հասան Ռուհանիի համար հիմնականը կը մնայ պահպանել արեւմուտքի հետ առկայ ձեռքբերումները եւ յատկապէս «5+1» անունով յայտնի Իրան- Միացեալ Նահանգներ կորիզային համաձայնութիւնը:
Իրանեան մէկէ աւելի աղբիւրներ կը բացայայտնեն, որ ընտրութեանց նախնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին վաղը, պայմանաւ, որ արդիւնքները հրապարակուին հանգրուանային հիմքով:
Յիշեցնենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիյի այս առաւօտ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նկատել տուաւ, որ այս ընտրութիւնները «ճակատագրական» ընտրութիւններ են եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ընտրութեանց մասնակցիլ մեծ թիւերով: