image

Ինչ կը կատարուի Ռաքքայի մէջ. Անցնող օրերուն տեղի ունեցած են մարդաշատ ցոյցեր (Տեսանիւթ)

Ինչ կը կատարուի Ռաքքայի մէջ. Անցնող օրերուն տեղի ունեցած են մարդաշատ ցոյցեր (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ Ռաքքա նահանգը, որ ներկայիս կը գտնուի ամերիկեան, ինչպէս նաեւ քրտական ուժերու անմիջական տիրապետութեան տակ, ականատեսը դարձած է նոր կարեւոր զարգացումներու: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ «Ալ-ժատիտ» կայանը, յղում ընելով «Սուրիա Օնլայն» կայքին:

Աղբիւրը նաեւ կ'ըսէ, թէ անցնող օրերուն մեծ թիւով սուրիացիներ բողոքի ցոյցեր ըրած են եւ պահանջած են ամերիկեան զօրքերու եւ քրտական ուժերու դուրսբերումը, ինչպէս նաեւ անոնց փոխարէն սուրիական բանակին տեղակայումը Ռաքքայի մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ռաքքան երկար ժամանակ մնաց «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ եւ կը համարուէր այդ ահաբեկչական մարմինի գլխաւոր կեդրոնատեղիներէն մին: