image

Ի՞նչ է Թրուտոյի գունաւոր գուլպաներուն գաղտնիքը

Ի՞նչ է Թրուտոյի գունաւոր գուլպաներուն գաղտնիքը

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հագած գունաւոր գուլպաները բազմիցս քննարկուած, եւ անգամ սուր քննադատութեան ենթարկուած են շատ լրագրողներու կողմէ:

Մանաւանդ վերջերս աչքի ինկած դեղին բադիկներով գուլպային շուրջ առաջացած ծաղրական խօսքերն անհետացած են այն բանէն ետք, երբ լրագրողներուն պարզ դարձած է անոնց գաղտնիքը, կը յայտնէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:

Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Գանատայի վարչապետը կը գնէ «John’s Crazy Socks» ընկերութեան արտադրած գուլպաները, որուն հիմնադիրն է Ճոն Քոնըն, որ աութիզմ հիւանդութեամբ կը տառապի, եւ իր հիմնած ընկերութեան շահոյթն ամբողջութեամբ կը տրամադրէ մարմնական արատներ ունեցողներու բուժման ֆոնտին: