image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ Արցախը» Հեռուստամարաթոնին հանգանակուեցաւ 15. 428. 777 միլիոն ԱՄՆ տոլար

«Իմ Արցախը» Հեռուստամարաթոնին հանգանակուեցաւ 15. 428. 777 միլիոն ԱՄՆ տոլար

Լոս Անճելըսի մէջ երէկ ընթացք առած հեռուստամարաթոնին հանգանակուած է 15. 428. 777 միլիոն ԱՄՆ տոլար:  «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի դրամահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս առիթով ԱՄՆ մեկնած Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան:

Մարաթոնին հերթական անգամ մէկ միլիոն տոլարի պատկառելի գումար յատկացուացած է մոսկուաբնակ հայ բարերար Սամուէլ Կարապետեան:

Լրագրող Արտակ Հէրիքեան, որ դրամահաւաքի ուղղիղ սփռումի խօսնակներէն է, իր Դիմատետրի էջին գրած է, թէ այս տարի ամերիկահայ Անդրանիկ Պաղտասարեան գլխաւորած է նուիրատուներու ցուցակը՝ նուիրելով  5 միլիոն ամերիկեան տոլար: Հէրիքեան նաեւ գրած է, թէ ազգային բարերար Քըրք Գըրգորեանէն ու Սամուէլ Կարապետեանէն ետք Պաղտասարեան կը համարուի մեծագոյն նուիրատուն:

 

 

 

 Լուսակարը ՝  Tert.am -էն