image

Հըզպալլա Արդեօք Հրաժարա՞ծ Է Աունի Թեկնածութիւնը Առաջադրելէ.Սեւակ Յակոբեան

Հըզպալլա Արդեօք Հրաժարա՞ծ Է Աունի Թեկնածութիւնը Առաջադրելէ.Սեւակ   Յակոբեան

Արդեօ՞ք վերջին օրերուն Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի, «միջին լուծում»ի մասին ըրած ակնարկութիւններուն քաղաքական դրսեւորո՞ւմն էր՝ Հարիրի – Ֆրանժիյէ հաւանական տեսակցութիւնը Փարիզի մէջ:

 

Ամէն պարագայի վերջերս միշտ ալ քաղաքական բեմի վրայ էր Ֆրանժիյէի անունը, որպէս Լիբանանի նախագահութեան 8 Մարտի երկրորդ թեկնածու՝ երբեմն համախոհական անունի բնոյթով: Այս տարբերակին հաւանականութիւնը աւելի եւս շեշտաւորուեցաւ՝ երբ Տիւրզի ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կարճ ատեն մը առաջ յայտարարեց, որ ինք արգելք մը չունի Ֆրանժիյէի ընտրութեան դէմ՝ եթէ այդ մէկը կը նպաստէ  ներկայի անել վիճակէն դուրս գալուն: Այս բոլորին զուգահեռ, Ֆրանժիյէյի անունին շուրջ լիբանանեան տեղեկատուական միջոցներուն ստեղծած դրական մթնոլորտը չափանիշ մըն էր, որ անոր յաջողութեան յոյսը այնքան ալ անհաւանական չէ եւ թէ ան կրնայ համախոհական թեկնածուի մը վերածուելով փոխարինել Աունը, նամանաւանդ որ ան Աունի հետ համեմատած աւելի զգոյշ է ճակատներ բանալու ամէնուն դէմ...:

 

Ի տես վերոյիշեալին կը մնայ հարց տալ, թէ ի՞նչ է Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը, որ գլխաւոր կողմերէն մին է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան խնդրին մէջ,  Ֆրանժիյէի անձին նկատմամբ՝ նամանաւանդ,  որ վերջինս քաջածանօթ է Պաշշար Ասատի հետ իր սերտ բարեկամութեամբ: Սակայն Հարիրիի տեսակցութիւնը Ֆրանժիյէի հետ կրնա՞ր իրականանալ առանց Սէուտական Արաբիոյ օրհնութեան...:

 

Արդեօ՞ք Լիբանանի նախագահութեան 14 Մարտի  թեկնածու Սամիր Ժաաժայի վերջերս Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը՝ զինք նախագահի թեկնածութենէ հրաժարիլ համոզելու ծիրէն ներս էր...:

 

Իսկ Հարիրի –Ժոմպլաթ  երէկուայ հանդիպումը ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել...:

 

Պէ՞տք է Հարիրի – Ֆրանժիյէ հաւանական հանդիպումը  շատ լուրջի առնել՝ նամանաւանդ, որ կարծէք իր ձեւին ու պարունակութեան մէջ կրկնօրինակն է՝ երկու տարի առաջ Հարիրի – Աուն հանդիպումին, որ ան ալ իր կարգին սկիզբը գաղտնի պահուեցաւ  եւ ապա յայտարարուեցաւ՝ այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, որ հարցերը լաւ ընթացքի մէջ են, շուտով սակայն պարզուելու, որ Մուսթաքպալ Հոսանքը Աունը նախագահ չ՛ընտրեր...:

 

Ամէն պարագայի Հարիրի – Ֆրանժիյէ հաւանական հանդիպման մը կայացման լուրը մղիչ ուժ մը հանդիսացաւ՝ Լիբանանի քաղաքական կեանքին լճացումէ դուրս գալուն: Անկասկած, որ ան իր մէջ զանազան ուղղութիւններով ղրկուած նամակներ կը պարունակէ: Հիմնուելով Նասրալլայի «միջին լուծում»ի ակնարկին, հանդիպումը նուազագոյնը կը նշանակէ, որ Հըզպալլա, որուն դաշնակիցն է Ֆրանժիյէ, կրնայ հրաժարիլ Աունին թեկնածութեան զօրակցելէ ու այլընտրանքներու մասին խորհիլ...:

 

Ի՞նչ պիտի ըլլայ սակայն Աունի հակազդեցութիւնը գալիք օրերուն՝ եթէ յանկարծ պարզուի, որ նախագահական պալատ հասնելու իր յոյսերը կրնան ի դերեւ ելել:

 

Սպասենք ու տեսնենք:

 

 

Սեւակ Յակոբեան