image
Հրատապ լուրեր:

«Հորիզոն» Ներկայ Եղած Է Գանատացի Պատասխանատուի Ասուլիսին

«Հորիզոն»  Ներկայ Եղած Է  Գանատացի Պատասխանատուի Ասուլիսին

4 Փետրուարին, Գանատայի համայնքային Մամլոյ խորհուրդի կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին մէջ կայացած է Գանատայի բանակի զինուորական խորհուրդի ղեկավար Զօր. Ճոնաթան Վանսի մամլոյ ասուլիսը։ «Հորիզոն»ի կողմէ սոյն ասուլիսին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ժագ Վարպետեան եւ Իշխան Ղազարեան։

Գանատայի զանազան ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող վերոնշեալ Մամլոյ խորհուրդի նախագահ Թամըս Սարաս բացումը կատարած է ասուլիսին, որմէ ետք զօրավար Ճոնաթան Վանս խօսած է Միջին Արեւելքէն եւ յատկապէս Սուրիայէն Գանատա ներգաղթողներուն մասին։

Նշենք, որ զօրավար Ճոնաթան Վանս կը համարուի Գանատայի բանակի երկրորդ ամէնէն բարձրաստիճան զինուորականը։