image

Հոլլանտի Խօսքերը Դատարկաբանութիւն Են. Էտմոն Սահպ

Հոլլանտի Խօսքերը Դատարկաբանութիւն  Են. Էտմոն Սահպ

Լիբանանեան   «Ալ  Սաֆիր» օրաթերթի  սիւնակագիր Էտմոն Սահըպ  «դատարկ խօսք»  համարած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի   այսօր ըրած յայտարարութիւնները:    Սահըպ, որ խօսած է     LBCI կայանէն,  նկատել տուած  է,  որ անցնող  13   նոյեմբերին   Ֆրանսան  հարուածած Պաթաքլանի դէպքերէն  ասդին Ֆրանսայի իշխանութիւնները  ոչինչ կրցան ընել   ահաբեկչութեան  աղբիւրները չորցնելու համար,  եւ այսօր Պելճիքայի  մէջ  տեղի ունեցածը   այդ դէպքերուն  շարունակութիւնն է: Լրագրողին կարծիքով,  այսօր Եւրոպայի թիւ մէկ խնդիրը պէտք է ըլլայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ուղղուող ուղղակի կամ անուղակի նիւթական   աղբիւրները  չորցնել, եւ այս առումով  անոնք կարեւոր   ընելիք ունին յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ «Թուրքիան  շահամոլ եւ ահաբեկիչներու  տուն տուող երկիր  դարձած է»: Ան նաեւ ըսած է, թէ Եւրոպան թերացած է այս  կարեւոր  գործին  մէջ եւ այսօր,   այս անգամ Պրիւքսէլի մէջ գլուխ ցցած  ահաբեկչութեան  արմատները       կը գտնուին Միջին Արեւելքի մէջ եւ կապ ունին Եւրոպական երկիրներու  այդ ուղղութեամբ  որդեգրած  սխալ քաղաքականութիւններուն  հետ: Ան նաեւ  ըսած է, որ ակներեւ է, որ Եւրոպայի ապահովական համակարգը      լիարժէք կերպով չի գործեր եւ անոնք (եւրոպացիները), ոչ միայան ապահովական, այլ  նոյնպէս նիւթական   խնդիրներու առաջ   պիտի կանգնին:    Յիշեցնենք, որ  այսօր Պելճիքան   հարուածած    ահաբեկչական  յարձակումներէն  ետք Ֆրանսայի նախագահը   դատապարտման  սուր յայտարարութիւններ ընելով  ըսած էր, թէ տեղի ունեցածը   հարուած  է,  ոչ միայն Պելճիքայի,  այլ՝ ամբողջ   Եւրոպայի դէմ:     Պելճիքայի   պայթումներուն  հետեւանքով զոհուած են  34 անձեր, որոնց  20-ը  մեթրոյի կայանին մէջ եղած   պայթումներուն  հետեւանքով: