Հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի խմբագրատան դիմաց: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Արեւելք»ի Հալէպի թղթակից Ժիրայր Կարապետեան: Կարապետեան ըսաւ, թէ հրթիռներու պայթումներուն հետեւանքով հայկական թերթի խմբագրատունը վնասներ չէ կրած, եւ աշխատանքները կը շարունակուին սովորականին պէս: Նշենք, որ դէպքին մասին նոյնպէս ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած էր «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան: Պողիկեան նաեւ հաստատած էր, թէ թերթը լոյս պիտի տեսնէ նոյն թափով: