2007-ին «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին վերաբերեալ երկու դատական գործերը Վճռաբեկ ատեանի կողմէ որոշուած է միացնել, նկատի ունենալով անձնական եւ իրաւական մակարդակներու վրայ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք մեր լուրերուն մէջ, Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի կապակցութեամբ հանրային պաշտօնեաներու գործունէութեան շուրջ մեղադրանքներ յարուցուած էր եւ այսօր այդ մեղադրանքներու լոյսին տակ եղած հարցաքննութեան արդիւնքով պատրաստուած ամբաստանագիրը կցուած է հիմնական դատավարութեան թղթածրարին։ Որոշուած է նաեւ, որ այսուհետեւ Տինքի սպաննութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը յանձնուի Իսթանպուլի 14-րդ ծանր պատժական ատեանին, որ կը զբաղի ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու գործերով։