image

Հիւսիսային Քորէայի որեւէ յարձակում պիտի հակադարձուի «ջախջախիչ» հարուածով. ԱՄՆ պշտպանութեան նախարար

Հիւսիսային Քորէայի որեւէ յարձակում պիտի հակադարձուի «ջախջախիչ» հարուածով. ԱՄՆ պշտպանութեան նախարար

Միացեալ Նահանգներու ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Ճէյմս Մաթիս Սիուլի մէջ զգուշացուցած է, թէ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ որեւէ միջուկային յարձակում ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ, պիտի հակադարձուի «ջախջախիչ եւ ազդեցու» հարուածով: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Նահար» թերթը, նշելով, որ Մաթիս հինգշաբթի օր ժամանած է Հարաւային Քորէա, որպէս առաջին հանգրուան իր ուղեւորութեան, որ կ'ընդգրկէ նաեւ Ճափոնը: 

Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ յատնած է, որ Սիուլ կատարած իր այցը եղած է հաստատելու համար երկկողմ դաշինքի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի կառչածութիւը  եւ անոր վարչակազմի «ամբողջական աջակցութիւնը» Հարաւային Քորէայի ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան:

Նշենք, որ սա ԱՄՆ նոր վարչակազմի պատասխանատուներու կողմէ առաջին արտաքին այցելութիւնն է, որ կը կատարուի: