image

ՀՀ Վարչապետը արձակուրդ առաւ

ՀՀ Վարչապետը արձակուրդ առաւ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը արձակուրդ երթալու մասին որոշում ստորագրած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

Ղեկավարուելով «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 12-րդ մասով եւ 18-րդ յօդուածի 4-րդ մասով՝

1. Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին տրամադրել 2018-2019 թուականներու աշխատանքային տարուայ ամենամեայ նուազագոյն արձակուրդի մասը՝ 2019 թուականի 31 մայիսին:

2. Նիկոլ Փաշինեանի՝ արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին պիտի փոխարինէ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը: