Վերջերս, Կրթութեան, Գիտութեան, Մարմնամարզութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութիւնը, հակառակ նախապէս կատարած յայտարարութիւններուն ու խստումներուն, իր հրապարակած կրթական նոր չափորոշիչներով հանրութեան կատարուած իրողութեան առաջ կանգնեցուց, յայտնելով, թէ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթը այլեւս պիտի չդասաւանդուի հանրակրթական դպրոցներէն ներս:
Այս որոշումին ի պատասխան, հանրութենէն զգալի մաս մը, ընդ որում եւ Հայ Եկեղեցին –որոնց պատասխանը, ըստ գործող իշխանութիւններուն՝ յանձինս Կրթութեան Նախարարին «խաւարէն եկող աղմուկ է»- իրենց կարծիքն ու կեցուածքը արտայայտեցին, պատշաճ կերպով բացատրելով, թէ ինչո՞ւ կարեւոր է այս դասանիւթիւն որպէս առանձին դասանիւթ դասաւանդումը դպրոցներէն ներս: Բայց… «ձայն բարբառոյ յանապատի…»:
Միւս կողմէ այս դասանիւթին «հակառակորդներ»ը իրենց եղած ու չեղած «զէնքեր»ը մէջտեղ հանեցին ու սկսան աջ ու ձախ կրակել…, առանց մտածելու թէ այդ կրակոցներուն ցաւալի ու տխուր հետեւանքները օրին մէկը իրենց եւ իրենց զաւակներուն գլուխին ալ պիտի թափի: Բայց որո՞ւ ինչ կ'ըսուի… Հանրութիւնը ո՞վ է, որ բան հասկնայ, կամ գիտակցի թէ ո՞րն է մեր պետութեան, երկրին ու ժողովուրդին շահը, չէ՞ որ մեր օրերուն ամէն բան նախկիններուն վրայ բարդելով, ամէնաթողութիւն տուած են իրենք իրենց գործող իշխանութիւնները…
Այդ «հակառակորդներ»ուն պատճառաբանութիւններէն մէկը այն է, որ մեր զաւակները պէտք չունին հրեայ ժողվուրդին պատմութիւնը եւ հրեայ Առաջնորդի մը կեանքի առասպելաբանութիւնը սորվին ու գիտնան… Բարի… Բայց, յարգելի պարոնայք եւ փափկասուն տիկնայք, կը մոռնաք, որ ձեր այդ անհիմն եւ մանկամիտ պատճառաբանութիւնները յառաջ բերելու համար կը սնուիք Արեւմուտքի «լափամանէն» (ինչպէս կը սիրէ ու յաճախ կը գործածէ այս բառը մեր երկրի Մեծայարգ Վարչապետը), ծախելով ձեր հոգին ու ինքնութիւնը: Բայց, ամէնէն սարսափելին այն է, որ կը մոռնաք նաեւ, թէ նոյն այդ Արեւմուտքը, որուն ամէն կերպով կը փորձէք նմանիլ եւ ձեր անյագ գրպաններն ու որկորները կը փորձէք յագեցնել, նոյն այդ հրեայ ժողովուրդին ու հրեայ Առաջնորդին պատմութեան ու կեանքին շնորհիւ է, որ այսօր այդպիսին է: Պահ մը մտածեցէք թէ ի՞նչ է ձեր ուզածը, ո՞ւր կ'ուզէք հասնիլ:
Վարանդ Քորթմոսեան
24 Օգոստոս 2020
Վաղարշապատ