Անգլիայէն հայրենադարած Արմէնն ու Արփին ամուսնացան Հայրենիքի մէջ
Հայրենադարձուելէ ետք երիտասարդ զոյգի կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած է. Արփին ընդունուած է Հայաստանի պարի պետական անսամպլ, իսկ Արմէնը ընկերոջ հետ Երեւանի մէջ մեքսիկական արագ սնունդի կէտ բացած է:
«Հայաշէն» ակումբը կամրջեց մեզ…
Արմէն – Տասը տարեկան եղած եմ, երբ ծնողներուս հետ 1998 թուականին Երեւանէն տեղափոխուած ենք Անգլիա: Անոնք որոշումը հապճեպ կայացուցած են: Սկիզբը քանի մը տարի մնալու մտադրութեամբ գացած են, բայց տեւեց 20 տարի:
Լոնտոնի հայկական համայնքի հետ այդքան շատ կապ չեմ ունեցած: Սորվեր եմ անգլիական դպրոցի մէջ, սակայն «Հայաշէն» երիտասարդներու ակումբ այցելելէ ետք, շփումը հայերու հետ աշխոյժացաւ: «Հայաշէն» ակումբ յաճախելը ճակատագրական դարձաւ ինծի համար. այնտեղ հանդիպեցայ Արփիին, որ գրաւեց ուշադրութիւնս: Իմանալով, որ Արփին կ'այցելէ «Աղթամար» հայկական պարախումբ, ես նոյնպէս սկսայ այցելել պարի դասընթացներու: Այդպէս, սիրահարուեցանք եւ ամուսնացանք: «Հայաշէն» ակումբը կամրջեց մեզ:
Արփի – Ծնած եմ Պէյրութի մէջ: Մէկ տարեկան էի, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով ընտանիքս տեղափոխուեցաւ Լոնտոն: Թէեւ փոքր տարիքէն ապրած եմ Անգլիոյ մէջ, բայց երբեք ինձ անգլիացի չեմ համարած, միշտ մտածած եմ, որ իմ երակներուս մէջ հայկական արիւն կը հոսի: Իհարկէ, չեմ ուրանար, որ Անգլիոյ մէջ կայացած եւ կրթութիւն ստացած են, սորված եմ անգլիական դպրոցի մէջ, սակայն ծնողներուս յորդորով՝ յաճախած եմ նաեւ համայնքի մէջ գործող շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ: Փոքր համայնք էր, սակայն կապը միշտ եղած է:
Հայկական պարերը սիրելու պատճառով՝ յաճախած եմ նաեւ «Աղթամար» պարի դպրոց: Մեր պարուսոյցները եղած են Հայաստանի պարի պետական անսամպլի նախկին պարողներ, որոնք ինծի համար դարձած են ոգեշնչման աղբիւր:
Յաճախած եմ նաեւ Լոնտոնի պալէի դպրոց։ Ուսուցիչս տեսնելով, որ կատարելագործած եմ պալեթային հմտութիւններս՝ առաջարկեց իրենց մօտ պալէի պարուսոյց աշխատիլ։ Սակայն Հայաստանի պարի պետական անսամպլը ինծի համար կը մնար անյաղթահարելի բարձունք, թէեւ միշտ կը մտածէի, որ օր մը անպայման պիտի նուաճեմ՝ իրականացնելով բաղձալի երազանքս:
Մեր վերջնական հանգրուանը Հայաստանն է…
Արմէն – Անգլիա երթալէ ետք՝ առաջին անգամ Հայաստան եկանք 2012 թուականին, յետոյ՝ 2015-ին: Երկու այցելութեան ժամանակ ալ չէինք ուզեր վերադառնալ: Վերջին այցելութենէն ետք մտածեցինք վերջնականապէս գալ: Արփին կ'ուզէր Պարի պետական ընդունուիլ, եւ անոր երազանքի հետքերով՝ 2016 թուականին բռնեցինք Հայաստանի ճանապարհը:
Սկիզբը կը մտածէինք, որ քանի մը տարի կը մնանք, սակայն հիմա վստահաբար կ'ըսենք, որ ետ դարձի ճանապարհ չկայ, մեր վերջնական հանգրուանը Հայաստանն է, մեր ապագայ երեխաները պէտք է այստեղ մեծնան:
Արփի – 2005 թուականին առաջին անգամ ընտանիքով գալով Հայաստան` շատ տպաւորուեցայ եւ կապուեցայ իմ Հայրենիքիս: Անկէ ետք յաճախ կը մտածէի Հայաստանի մասին, յատկապէս, որ Արմէնը նոյնպէս վերադառնալու ցանկութիւն ունէր:
Այնպիսի ընտանիքի մէջ մեծցած են, ուր միշտ խօսած են Հայաստանի, հայրենասիրութեան մասին, մեր ծնողները մեզ ծանօթացուցած են հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան: Միշտ մտածած եմ՝ ուր ալ ըլլամ, պարտաւոր եմ պահպանել լեզուս եւ արմատներուս հաւատարիմ մնալ:
Մեր միութիւնը Հայաստանի մէջ օրինականացուցինք…
Արմէն – Մեր կեանքը Հայաստանի մէջ նոր էջէ սկսեցանք: Ես ու ընկերս՝ Քրիսը, որ նոյնպէս Անգլիայէն Հայաստան վերադարձած էր, որոշեցինք Երեւանի մէջ «Էլ պուրիթօ» անուամբ մեքսիկական արագ սնունդի կէտ բանալ: Հանրապետութեան եւ Վարդանանց փողոցներու խաչմերուկին վրայ գտնուող «Էլ պուրիթօ»-ն արդէն չորս ամիս է, որ կը գործէ: Շատ չարչարուեցանք մեր որոշումը կեանքի կոչելու համար, յուսանք, ժամանակի ընթացքին ճանաչում ձեռք կը բերենք եւ կը գոհացնենք մեր յաճախորդները: Նաեւ տան առք ու վաճառքով կը զբաղուիմ, որուն կ'օգնէ Լոնտոնի մէջ ունեցած կապերս:
Արփի – Ես եկած էի Հայաստանի պարի պետական անսամպլ դիմելու յստակ նպատակով:
Հակառակ որ տարիքս քիչ մը մեծ էր, բայց յոյս ունէի, որ կ'ընդունուիմ։ Բարեբախտաբար, զիս ընդունեցին, եւ շուրջ մէկ տարուան փորձաշրջանէն ետք ես արդէն հիմնական կազմի պարող եմ։ Բացի պարելէ, նաեւ պալեթի անհատական դասեր կու տամ Հայաստանի մէջ ապրող օտարախօս հայ երեխաներու համար:
Չհիասթափուելու համար՝ Հայաստան վերադառնալէ առաջ չեմ ակնկալած, որ ամէն ինչ մեզի համար մէկանգամէն լաւ պիտի ըլլայ: Նախ կը մտածէի, որ մարդիկ զիս իբրեւ սփիւռքահայ՝ լաւ չեն ընդունիր, չեն մտերմանար, բայց հակառակը ապացուցուեցաւ: Բոլոր մտավախութիւններս ի զուր էին. այստեղ մարդոց կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք, մեր յոյսերը արդարացան:
2009 թուականին նշանուեցանք այն նպատակով, որ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ պիտի ամուսնանք, սակայն տարբեր պատճառներով կը ձգձգուէր: Յետոյ, երբ յստակեցուցինք Հայաստան գալը, որոշեցինք մեր միութիւնը Հայաստանի մէջ օրինականացնել:
Շատ ուրախ, հայկական աւանդոյթներուն համապատասխան հարսանիք ունեցանք, իսկ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստացանք Էջմիածնի Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ մէջ: Ես ու Արմէնը շատ հպարտ ենք, որ հայրենի հողի վրայ ամուսնացանք, այլ ոչ թէ՝ օտար:
Պէտք է համախմբուած պայքարինք…
Արփի – Հայաստանի մէջ հնարաւոր է լուրջ յաջողութիւններու հասնիլ եւ յոյսով եմ՝ հայ ժողովուրդի համար ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Հզօր պետութիւն ունենալը կը սկսի կայուն ընտանիք ունենալէն, եթէ մէկս միւսի հանդէպ բարի, սիրալիր ու հանդուրժող ըլլանք, ապա բոլոր հարցերուն մէջ կը յաջողինք: Պէտք է համախմբուած պայքարինք եւ իւրաքանչիւրս փոքր քայլերով նպաստենք Հայաստանի զարգացման՝ մեր ուսերուն վերցնելով կատարեալ երկիր ստեղծելու գործը: Ի վերջոյ, Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ապացուցեց, որ ուժը արդէն պահանջատէր ժողովուրդի ձեռքերուն մէջ է:
Մարդիկ տարակուսած կը հարցնէին, թէ ինչու կը վերադառնանք…
Արմէն – Հայրենադարձութեան ամենամեծ ձեռքբերումներէն է այն, որ ճիշդ որոշում կայացուցինք ու եկանք: Շրջապատի մէջ շատ մարդիկ չէին հաւատար մեզի, տարակուսած կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ կը վերադառնանք, չէ՞ որ բոլորը Հայաստանէն կը հեռանան, բայց մենք տեղի չտուինք այդ խօսակցութիւններուն: Ծնողներս ու եղբայրս՝ իր ընտանիքով, Լոնտոն են, հիմա «կը պայքարիմ», որ իրենք ալ վերադառնան, կը հաւատամ՝ կու գայ այդ օրը:
Առհասարակ, բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն Հայաստան վերադառնալ, թո՛ղ մէկ վայրկեան անգամ չտատանին իրենց որոշման մէջ: Հայաստանի մէջ այնքան վատ չէ, որքան կը թուայ:
Արփի – Հայ ըլլալու գաղափարը աւելի ամրապնդուեցաւ իմ մօտ, ինքնութիւնս վերագտայ: Մենք միշտ կ'ըսենք մարդոց, որ թէկուզ չկարենան հիմնովին վերադառնալ, գոնէ մի քանի ամիսով գան՝ հասկնալու՝ կրնան յետագային ապրիլ, թէ ոչ, ապա նոր միայն որոշում կայացնեն:
Տեսնելով, որ Հայաստանէն մարդիկ կ'արտագաղթեն՝ սրտի մեծ ցաւ կ'ապրիմ: Թո՛ղ անոնք գիտնան, որ դուրսը իրենց ամէն ինչ հեշտ պիտի չտրուի, պէտք է անդադար պայքարի մէջ ըլլան մինչեւ համակերպուին ու ոտքի կանգնին:
Ճիշդ է, հեռուէն ամէն ինչ լաւ կը թուայ, բայց այդպէս չէ: Բոլորը մեզի կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ թագաւորական Լոնտոնը թողեր ու եկեր ենք: Եթէ մեզի համար պատկերացուածի չափ այնտեղ կատարեալ ըլլար, ապա մենք ետ չէինք գար:
Նիւթը ՝«Հայերն Այսօր»էն
Գէորգ Չիչեան