Բարեկամութեան շարժում ստեղծելու միտումով, Մարմարիս Ֆիլհարմոնիի միութեան նախաձեռնութեամբ մշակուած է նախագիծ մը, ուր նախատեսուած է թուրք-հայ մշակութային համագործակցութիւն իրականացնել: Նշեալ ծրագրի ծիրէն ներս ներկայ տարուան ընթացքին համերգներու շարք մը պիտի կազմակերպուի Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ։
Այս ծրագրի ծանօթացման նպատակով շաբաթ օր տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, կազմակերպութեամբ Մարմարիսի Ֆիլհարմոնիի միութեան վարչութեան նախագահ Ահմէտ Եաշար Ալթընէօզ, ծրագրի համակարգող Հիւսէյին Մուրատ Կիւրոլ, խմբավար Նուարդ Անդրէասեան եւ «Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա։
Հարկ է նշել, որ այս նախագիծը կը վայելէ Վարչապետարանի եւ Մշակոյթի նախարարութեան զօրակցութիւնը։ Ծրագիրը պաշտօնապէս պիտի սկսի Փետրուարի 22-ին եւ կեանքի պիտի կոչուի տարուան ընթացքին։
«Քամերաթա Սայկուն» եւ «Մարմարիս» սենեկային նուագախումբերուն մասնակցութեամբ պիտի իրականացուին համերգները։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծուած է, թէ 1915-էն հարիւր տարի անց կազմակերպուած ոգեկոչումներէն վերջ նախաձեռնողները կը ձգտին երաժշտութեան ճանապարհով փոխանցել բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պատգամ մը՝ ապրուած ցաւերու յաղթահարման նպատակով։
Նախաձեռնողները կը նախատեսեն գեղարուեստական ու մշակութային համերգներ կազմակերպել աշխարհի այն քաղաքներուն մէջ, ուր մեծ թիւով հայերը կամ թուրքեր կը բնակին։
Ծրագրին մէջ պիտի ներգրաւուին պատկան երկիրներու խորհրդարանականները, հասարակական գործիչները, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները, գրողները, պատմաբանները եւ ընդհանրապէս թուրք եւ հայ ժողովուրդները։
Համերգներու խմբավարի պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնեն Նուարդ Անդրէասեան կամ Նեզիհ Սեչքին։
Ծրագրին շրջագծով կը նախատեսուի հայ յօրինողի մը գործերէն մէկուն թուրք մենակատարի մը կողմէ մեկնաբանուիլը եւ հակառակը։
Արտասահմանի համերգներով կ՚ենթադրուի նպաստել թուրք եւ հայ հաւաքականութիւններու միջեւ երկխօսութեան ու փոխադարձ հասկացութեան։
Գեղարուեստի ճանապարհով բարեկամութեան եւ երկկողմանի դրական յարաբերութիւններու վերակենդանացման ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը միեւնոյն ժամանակ կը ձգտի երաժշտութեան ճանապարհով պայքարիլ ցեղապաշտութեան եւ մոլեռանդութիւններու դէմ։
Համերգներու ժամանակացոյցը թէեւ վերջնականօրէն չէ ճշդուած, սակայն յստակ է, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Պելժիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան համերգներ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բացատրութիւններ տրուած են նախատեսուած երգացանկին շուրջ, որոնց շարքին ամենախորհրդանշականը պիտի ըլլայ Կոմիտասը։
Կազմակերպիչները մատնանշած են, թէ անցեալէն ժառանգուած ցաւերը առանց մոռացութեան մատնելու զանոնք խաղաղութեան ու սիրոյ վերածելու հաւատքով ու նպատակով այս ճանապարհորդութեան կը ձեռնարկեն սոյն ծրագրով, որով շուրջ տասնհինգ ամսուան ժամանակաշրջանի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ տասնհինգ համերգ։ Հրաւէր ստանալու պարագային կազմակերպիչները պատրաստակամ են նաեւ համերգ իրականացնել Հայաստանի մէջ։
Մարմարիսի Ֆիլհարմոնիի միութեան ներկայացուցիչները հիւրընկալուած են Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցած են մշակուած ծրագրին կապակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը գնահատած է դրական ոգիով մշակուած այս ծրագրին նախաձեռնարկները։
Նիւթի աղբիւր՝ Ժամանակ