Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցին 170 տարեկան է, եւ այդ առիթով սեպտեմբերին շարք մը տօնակատարութիւններ կը նախատեսուին: Աշխարհի տարբեր ծայրերէն Հայաստան կը ժամանեն Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու հովիւները: 2016-ի,սեպտեմբեր 22-24, Հանքաւանի մէջ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, տեղի կ΄ունենայ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներու Համաշխարհային համագումար: Սեպտեմբեր 25-ին, Արամ Խաչատրեան մեծ համերգասրահին մէջ, տեղի կ΄ունենայ ՀԱԵ 170-ամեակի գլխաւոր տօնախմբութիւնը՝ Կամերային նուագախումբի եւ «Հովել» երգչախումբի մասնակցութեամբ: Կը նախատեսուի նաեւ՝ ՀԱԵ մասին պատմող ֆիլմի ցուցադրութիւն եւ գիրքերու շնորհահանդէս, ինչպէս նաեւ՝ պատմական նկարներու ցուցահանդէս: