«Սէուտական ձեռքը Լիբանանի վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին մէջ» խորագրով յօդուած մը լոյս տեսած է բրիտանական «The Economist» թերթին մէջ, ուր անդրադարձ կատարուած է Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած անակնկալ դէպքերուն:
Յօդուածը պատմած է նախ Ռիատէն եւ սէուտական հեռուստակայանով յայտարարուած հրաժարականին մասին, որմէ ետք Հարիրի անհասանելի դարձծ է, եւ շատ հաւանական է, որ կալանաւորուած ըլլայ:
«Անկէ օրեր անց, Սէուտական Արաբիոյ Պետութեան նախարար Թամէր Ալ Սապհան Լիբանանի մէջ զարգացումներ խոստացաւ»,- նշած է թերթը, աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա ծնած վարչապետին հրաժարական պարտադրելով Սէուտիա իր խօսքը կ'ուզէ փոխանցել աշխարհին:
Թերթը անդրադարձած է նաեւ «Հըզպալլա»ին ու անոր զէնքին, նշելով, որ 2006 թուականին Իսրայէլի կողմէ «Հըզպալլա»ն զինաթափելու բոլոր փորձերն ապարդիւն եղած են, միաժամանակ շեշտելով, որ «չկայ այնպիսի ուժ, որ հաւասար ըլլայ «Հըզպալլա»ի ուժին»:
Յօդուածագիրին համոզմամբ, հակառակ «Հըզպալլա»ն վերացնելու սէուտական ջանքերուն, Իսրայէլ տակաւին մտադիր չէ Ռիատի ժամանակացոյցին համաձայն պայքարի դուրս գալ «Հըզպալլա»ի դէմ:
Տակաւին Սէուտական Արաբիա շարք մը խաղաթուղթեր ունի, զորս պէտք է խաղայ, Լիբանանը տկարացնելու նպատակով: Անոնցմէ մէկը լիբանանեան դրամատուներու օժանդակութիւնը դադրեցնելն է, որմէ ետք Լիբանան առանձին պիտի պայքարի սնանկութեան դէմ:
Թերթը շեշտած է մանաւանդ, որ «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլա ճնշման տակ ընկրկող անձ չէ, սակայն հաւանական է, որ երկրի տնտեսութեան փրկութեան ի խնդիր զիջումներու դիմէ: