Հաքքարիի Շեմտինլի գաւառակին մէջ, ռումբով բեռնաւորուած կառք մը պայթած է շրջանի զինուորական քննութեան կեդրոնին մօտ, 10-15 մեթր տրամագիծով ու 6-7 մեթր խորութեամբ փոս մը գոյացնելով եւ սպաննելով 10 զինուորներ ու 8 քաղաքայիններ։ Վիրաւորուած են 30 ուրիշներ։
Իշխանութիւնները յարձակումին պատասխանատու նկատած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը, իսկ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած է, թէ 5 թոն պայթուցիկ նիւթ օգտագործուած է յարձակումին համար:
Նախագահ Էրտողան եւ այլ ղեկավարներ ամէն օր կը կրկնեն, թէ պայքարը վճռաբար պիտի շարունակուի մինչեւ որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը չէզոքանայ:
Ընդդիմադիր կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու այս յարձակման մասին կատարուած յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ նման յարձակումներ առաւել եւս կը բարձրացնեն գործադիր մարմիններու գլուխը գտնուողներուն պարտաւորութիւնները։ «Այս երկրին կառավարիչները պէտք չէ մոռնան, որ իրենցմէ սպասուածը գանգատիլ չէ, այլ՝ հարցերուն լուծում գտնել», ըսաւ Քըլըճտարօղլու եւ աւելցուց. «Որպէսզի ցաւերը դադրին ու ժողովուրդը անդորրութիւնը վերագտնէ, գործադիր դիրքի վրայ գտնուողները պէտք է գործեն հեռատեսութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Բայց ցաւով պիտի ըսեմ, որ անոնք բաւականաչափ ըմբռնած չեն այս հեռատեսութիւնն ու պատասխանատուութիւնը»։
Միւս կողմէ, թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները յարձակում մը գործած են Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Վանի Էօզալփ շրջանի գրասենեակի ղեկավարի օգնական Այտըն Մուշթուի տան վրայ՝ սպաննելով զայն: Աւելի ուշ, սպաննուած է նաեւ իշխող կուսակցութեան Տիգրանակերտի Տիճլէ շրջանի կառոյցի նախագահ Տերեան Աքթերթը։