ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան, իր ֆէյսպուքեան էջին միջոցով կը յայտնէ, որ 13 Յուլիսին, ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար Սդանիսլաւ Զասի հետ:
«Նախարար Մնացականեան ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին մանրամասն տեղեկատւութիւն տրամադրեց 12 Յուլիսէն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրետանիի կիրառումով իրականացուած հրադադարի խախտումներուն, 13 Յուլիսի առաւօտեան այդ գործողութիւններու վերսկսման, ինչպէս նաեւ իրադրութեան յետագայ սրման հետեւանքներուն մասին:
ԱԳ նախարար Մնացականեան ընդգծեց ՀԱՊԿ անդամ երկրի նկատմամբ նման գործողութիւններու անընդունելիութիւնը:
Կը պահպանուի մշտական կապ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին հետ եւ կը շարունակուին աշխատանքները ՀԱՊԿ ծիրէն ներս»: