image

Հանգիստ Թողենք Պոլսահայերը

Հանգիստ Թողենք  Պոլսահայերը

 Միջին  Արեւելքի մէջ եղող    խմորումները     կրնան շրջանի     տէրութիւններուն նոր վիճակներու տանիլ: Եղած դէպքերուն   հիմնական առանցքը անշուշտ կը գտնուի  Սուրիոյ մէջ: Հոն  տեղի  ունեցող         պատերազմին  եւ  շրջանային շահերու բախումէն    ծագած  հրդեհին  բոցերը կրնան  երեւիլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ:  Անցնող   մէկ տարուան ընթացքին    արեւմտեան  մամուլի  կարեւոր    օրկաններ աւելի   մեծ ուշադրութեամբ  գրեցին   Էրտողանի եւ AKP-ի մասին,  քան  Թուրքիոյ     այս  իշխանութիւններուն  երեւան գալէն ի վեր:  Երբեմն  չափազանցուած, շատ  յաճախ  դիպուկ վերլուծումներ երեւան  ելան:  Այս զարգացումներուն  մասին եղած  վերլուծումներէն   անմասն չմնացին     նաեւ   Պոլիս ապրող մեր հայրենակիցները, որոնց ընդհանուր թիւը կը գնահատուի  շուրջ    60 հազար  հայութեամբ:     Զարմանքի ու յաճախ  ցասումի առիթ կը հանդիսանան  ամէն  առիթի  պոլսահայութեան իրավիճակին մասին      անհիմն   խօսքերը:  Իբրեւ  պոլսահայերը ապահով վիճակի մէջ չեն, պոլսահայերը ճնշումի տակ են,  պոլսահայերը  վախ կ'ապրին եւ նման  վերագրական  խօսքեր  կրնան  ըլլալ միայն զանոնք  հրապարակ նետողներուն    սխալ    կարծիքները:  Նոյնիսկ  եթէ պոլսահայերը   այսօր   անվտանգութեան հարց ունին, ի՞նչ պիտի փոխէ  մեր հերթական  մեծխօսիկութիւնը:   Աւելին պէտք է նաեւ       յստակօրէն  ըսել, որ այդ յայտարարութիւնները կը կատարուին     ոչ թէ        նեցուկ կանգնելու մտահոգութեամբ, այլ «բաժակին մէջ փոթորիկ»   ստեղծելու      ախտաւոր  միտումով:

Ճիշդ է, որ Թուրքիան բաւական  բարդ փուլի  մը մէջ է ու ճիշդ է նաեւ, որ    երկրի հարաւ- արեւելեան     շրջաններուն մէջ   քրտական PKK-   կառավարական  ուժեր «մենամարտ»ը  կրնայ   ստանալ  շատ աւելի սուր եւ արիւնալի  բնոյթ:  Այս բոլորը կան, բայց այդ չի նշանակեր, որ պոլսահայ համայնքը վտանգուած է:     Անչափահաս  մանուկի ոճով    եղած  ու  Թուրքիոյ մէջ  ապրող  մեր հայրենակիցներուն   «դաս» կամ «խելք»  տալու  երեւոյթները  նորութիւն ալ չեն: Նոյն  այդ իմաստունները կը մոռնան, որ Պոլսոյ մէջ    Օսմանեան կայսրութեան  ամէնէն  փոթորկոտ ու նոյնիսկ արիւնալի   օրերուն    այդ դարաւոր քաղաքին մէջ      ապրող մեր   հարազատները   կարողացան ճիշդ թիավարելով  հասնիլ խաղաղ  ափ:    Աւելի ուշ անոնք նոյնպէս ականատես եղան       Յունաց դէմ եղած    «Սեւ Սեպտեմբեր»ի դէպքերուն եւ ճաշակեցին Քեմալական Թուրքիոյ  «հրամցուցած»  ամէնէն լեղի  բաժակները:   Ապրեցան սակայն:  Պոլսահայերը տեղի չտուին,  նոյնիսկ այն ատեն, երբ Սփիւռքի հայութեան      երեւելի մէկ հատուած՝ պոլսահայերը համարեց  դաւաճան, պարզ  անոր համար,   որ համայնքը  իր անվտանգութեան       ապահովման  համար  հեռու մնաց  պահանջատիրական ելոյթներէ:     

 Ու այսօր,   երբ դարձեալ     նոր փոթորիկներ  կը հարուածեն  Թուրքիան, որոնց  պատճառներուն քննութիւնը այս յօդուածին նպատակը չէ, հիմնուելով իրենց դարաւոր բնազդին եւ փորձին   վրայ   պոլսահայերը պիտի  շարունակեն  ապրիլ: Պոլսահայերը  այսօր վտանգի մէջ չեն:  Անոնք բնական   հունով մը կը շարունակեն իրենց կեանքը  եւ սովորականին պէս  լծուած են իրեն  առօրէական  հարցերու  կարգաւորման:  Ուրեմն  անոնց անվտանգութիւնը  խնդրոյ  առարկայ դարձնող ձայները պէտք է լաւ հասկնան, որ սխալ ուղղութեամբ է, որ կը կատարեն իրենց խուսանաւումները:   Պոլսահայերը անտէր չեն: Անոնք ունին  Պատրիրաքարան, ազգային  խորհուրդ,  տարբեր    յարանուանական մարմիններ եւ միութիւններ: Աւելին, անոնք  այսօր ունին խորհրդարանի մէջ գործող    3 երեսփոխաններ, որոնք  ամէն առիթի պատրաստ են   բարձրաձայնել համայնքի ունեցած     հարցերը եւ ջանալ լուծումներ գտնել այդ խնդիրներուն: Դարաւոր այդ քաղաքը այսօր  Արեւմտահայոց մշակութային կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը դառնալու  բոլոր տուեալները ունի, ու վստահ եմ, որ մեր բոլորին ճիգերը պէտք է կեդրոնանան Պոլիսը իրողապէս մշակոյթի  բաբախող  նոր սիրտ դարձնելու ուղղութեամբ:  Այս նուրբ եւ  հաւանական զարգացումներով յղի  ժամանակաշրջանին լաւ պիտի ըլլայ, որ մեր «իմաստունները»  աւելի  շահեկան, տեղին եւ արդարացի   գործով զբաղին՝  Պոլիսն ու պոլսահայութիւնը հեռու պահելով իրենց   անհիմն, սխալ եւ  անհեռանկար «վերլուծումներէն»Պոլիսը        ոչ միայն  Թուրքիոյ  կարեւորագոյն քաղաքն է, այլ է նաեւ Արեւմտահայոց մտքի ու խղճի իրական  օրրանը:  Ու լաւ պիտի ըլլայ, եթէ հանգիստ ձգենք     այդ  դարաւոր քաղաքն ու  հոն ապրող մեր հայրենակիցները: Սուլթաններու   եաթաղաններէն ու     երիտթուրքերու  անէծէքներէն  փրկուած  մեր   հայրենակիցները  շատ  լաւ գիտեն  ընտրել ճիշդ ուղին   ու   աչքի լոյսի պէս պահել մեր բոլորին դարաւոր  հարստութիւնը ՝ պոլսահայոց  համայնքը: