Սուրիոյ բանակը այսօր իր տիրապետութեան տակ առաւ Խանասէր շրջանի ճանապարհային հատուածը: Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը շրջանին մէջ եղող իր ուժերը կուտակելէ ետք յաջողած էր գրաւել այդ շրջանը: Խանասէրը Հալէպի կապող եւ ներկայիս գործոշ միակ ցամաքային ճանապարհն է: Կ'ենթադրուի, որ յառաջիկայ օրերուն դէպի Հալէպ տանող ցամաքային այս ճամբան բացուի ուղեւորներուն առջեւ: