Հալէպի մէջ այսօր յետմիջօրէին հրադադարի երեւելի խախտում գրանցուած է: Ահաբեկչական խմբաւորումներ պայթուցիկ «կազի շիշեր» նետած են Հալէպի «Սահաթ բէժո» հրապարակին վրայ, ուր ինկած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Նշենք, որ նախնական տուեալներու զոհերուն մէջ կայ 1955 թուականի ծնունդ Նուարդ Ֆուրունճեան-Ասատուրեանը: Յայտնենք, որ «Սահաթ բէժօ հրապարակը կը գտնուի Հալէպի մօտիկ անցեալին հայահոծ «Նոր գիւղ» շրջանին մէջ: