Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ յայտարարած է, որ ներկայիս խումբ մը փորձագէտներ Ալ-Խաֆսա շրջանին մէջ, ջրհանման կայանի վերականգնման աշխատանքներ կը տանին եւ Հալէպի ջրամատակարարումը պիտի վերսկսի յառաջիկայ օրերուն:
Նահանգապետը յայտնած է, որ վերականգնման աշխատանքները պիտի շարունակուին, մինչեւ հնարաւոր ըլլայ ըմպելի եւ օգտագործման պիտանի ջուրի մատակարարումը Հալէպի ժողովուրդին, որ անցած տարիներուն երկար ժամանակ ջուրի տագնապէ տառապած էր :
Նշենք, որ Ալ-Խաֆսայի ջրամատակարարման կայանը միակն է Հալէպի արուարձանին մէջ, որ ըմպելի ջուր կ'ապահովէ Հալէպի ժողովուրդին:
Յիշեցնենք, որ Սուրիական բանակը օրեր առաջ յաջողած էր իր վերահսկողութեան տակ առնել կայանը, որ երեք տարիներէ ի վեր գրաւուած էր «Տահէշ»ի ահաբեկիչներուն կողմէ: