image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ- Կը Սպասենք Յոյսով-Անյոյս/Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ- Կը Սպասենք Յոյսով-Անյոյս/Մանուէլ  Քէշիշեան

Հետաքրքրական է իմանալ. երկրագունդի վրայ ո՞վ գիտէ թէ գետնի վրայ ինչ ընթացք պիտի ունենան սուրիական պատերազմական զարգացումները:

Կը թուի թէ ո՛չ մէկը:

Յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք թէ «Մեծերը» համաձայնած են եւ որոշած ազդեցութիւններու գօտիները:

Մեր պարագային կը կարծեմ, թէ ամէն ինչ իրար խառնուած է վերածուած է Լաբիւրինթոս-քաոսի, որովհետեւ թելի կծիկը քակուած (քանդուած) եւ անքակտելի նոր գունդի մը վերածուած է եւ հիմա ամէն մէկը (Աստուած գիտէ թիւը ամէն մէկերուն) կը փորձէ թելին մէկ ծայրը գտնել եւ զայն փաթթել իր ձեռքին մէջ եւ ... կռուըտուքը կը շարունակուի: Մեծերը կը կռուըտին, պզտիկները կը կռուին, մեծերը չեն համարձակիր նոյնիսկ զիրար քերծել, մինչ խեղճ պզտիկները կը մեռնին, չարաչար զիրար սպաննելով, զիրար սովի մատնելով, իրար տուն քանդելով, զիրար փողոց շպրտելով, իրար հայհոյելով, Աստուծոյ աղօթելով եւ ամէն ինչ աւելի կը խճճուի, որովհետեւ պզտիկները կը կարծեն թէ իրենք են տնօրինողը, մեծերը կը կարծեն թէ իրենք են հարցերը դասաւորողը եւ հրամանները արձակողները, թերեւս ճիշդ է որ մեծերն են խնդիրները կարգաւորողը եւ հրամաններ արձակողները: Չենք գիտեր թէ շրջանային երկիրները ո՞ր չափով կը հնազանդին- որովհետեւ չենք ուզեր երեւոյթներով չափել, անոնք կրնան խաբուսիկ ըլլալ, սակայն գիտենք որ գետնի վրայ բոլոր պզտիկները չէ որ կը գործադրեն տրուած հրամանները:  

Հալէպ քաղաքի պետութեան ազդեցութեան տակ գտնուող մեր շրջաններուն մէջ կայ այն համոզումը, որ պետական զօրքը որոշած է պահպանել այս սահմանները:

Պէտք է որ այսպէս որոշած ըլլան պետութիւնն ու զօրքը, չէ՞ որ ամբողջ հիւսիս արեւմտեան Սուրիոյ մէջ այս քանի մը թաղը մնացած է իրենց:

Այնպէս կ'երեւի թէ միւս կողմն ալ որոշած է անպայմա՛ն տէր դառնալ ամբողջ Հալէպին, որովհետեւ առանց Հալէպի իր տիրութիւնը կիսատ եւ խախուտ կը մնայ հիւսիս արեւմտեան այս շրջանին մէջ, երբ իրեն կից կայ հզօր ոյժ մը՝ պետական զօրքը...

... Ցաւալի է որ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կանխատեսումները իրականութիւն կը դառնան. ՄԱԿ-ը կը նախատեսէ մինչեւ 2015ի վերջը մէկ միլիոն նոր գաղթականներու հեռանալը Սուրիայէն, անոնց մեծ մասը արդէն լքած է իր տուները: ՄԱԿի Հայաստանի գրասենեակը կը նախատեսէ 3000 հայերու Հայաստան հասնիլը նոյն ընթացքին:

Եթէ ՄԱԿ-ի այս կանխատեսումն ալ իրականանայ դիւրին պատասխանելի հարցում մը կը ծագի մեր մտքին մէջ. ուրտեղէ՞ն պիտի գան այս հայերը. Անշուշտ Հալէպէն: Ինչո՞ւ Հալէպէն պիտի հեռանան այս հայերը: Ի հարկէ որովհետեւ նոր վտանգի մը առջեւ գտնուելու պատճառաւ:         

Պետական ուժերը բաւարար չափով զօրաւոր են պաշտպանելու Հալէպը: Ընդիմադիրները գրաւած ըլլալով Հալէպէն ծովեզերք տարածուող ամբողջ շրջանը կրնան մեծ թիւով զինեալներ կուտակել յարձակելու Հալէպի վրայ:

Եւ որովհետեւ, ինչպէս կը թուի, «Մեծերը« տակաւին համաձայնութեան մը չեն յանգած, հոս պիտի զիրար քերծեն, այսինքն դարձեալ մեզ պիտի սպաննեն, դարձեալ մեզ մեր քանդուելիք տուներէն դուրս պիտի շպրտեն, եւ եթէ Հալէպը նոյնիսկ իր ներկայ սահմաններով մնալու ըլլայ, պիտի դարձեալ աւերուի եւ դարձեալ գաղթականներու շարաններ պիտի կազմուին, որոնց մէջ նաեւ հալէպահայեր, եւ եթէ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի կանխատեսումները իրականանան ապա Հալէպի մէջ հայ գրեթէ պիտի չմնայ, ենթադրելով որ եթէ երեք հազար հայեր Հայաստան պիտի երթան ապա առնուազն այնքան ալ տարբեր ուղղութիւններով պիտի մեկնին:

Կասկածելի ենթադրութիւններ են այս մտորումներս եւ երանի չիրականանան: Սակայն անժխտելի իրականութիւն է հալէպահայութեան գլխուն վրայ կախուած վտանգը, որ եթէ նոյնիսկ մեծ պայթիւնի տեսքով չդերսեւորուի ապա ամէն օր քիչ-քիչ արիւնաքամ կ'ընէ մեզ... ասոր վարժուեցանք եւ ձեւով մը մեր գոյութիւնը կը քաշկրտենք, նպաստներ կը ստանանք, մեր զաւակները ձրի դպրոց կը ղրկենք, հիւանդութեան պարագային գրեթէ ձրի դեղեր կը ստանանք, անհրաժեշտ վիրաբուժութեան ծախսերը բարեսիրական կազմակերպութիւնները (ոչ միայն հայկական) կը հոգան. գործ ունինք-գործ չունինք, ջուր ունինք-ջուր ջունինք, ելեկտրականութիւն ունինք-ելեկտրականութիւն չունինք, զոհ-նահատակ ունինք-չունինք մեր հարիւրամեայ նահատակ սուրբերուն յիշատակը կ'ոգեկոչենք ու... կը սպասենք, կը սպասենք յոյսով, կը սպասենք անյոյս, որ լաւ օրեր գան, իսկ եթէ աւելի գէշ օրեր գան...

Կարծէք թէ աւելի գէշ օրերու գալը աւելի հաւանական է քան այլ օրերու գալը:

Ա՞յդ օրերուն ալ կը վարժուինք: Կը համակերպի՞նք աւելի մեծ ողբերգութիւններու:

Թերեւս. մեծ մասս հեռանալով եւ մեր ետին փո՜քր, շա՜տ փոքր գաղութ մը թողուլով կ'ընտելանք, բոլորս անխտիր հաշտուելով գալիք բոլոր իրադրութիւններուն հետ:

Իսկ եթէ գալիք ողբերգութիւնը յանկարծակի ըլլա՞յ: Իսկ եթէ իրադրութիւնը Հալէպի շուրջ ծայր աստիճան սրի՞- ինչպէս որ եղաւ հիւսիս արեւմտեան աւելի փոքր քաղաքներու պարագային, ինչպիսին են Ճըսր Շուղուրն ու Իտլիպը, չէ՞ որ այդ տեղերու ընդիմադիրները կրնան համալրել Հալէպը շրջապատող իրենց զինակիցները: Եւ եթէ վիճակի ծայրայեղ սրման ընթացքին բոլոր ճանապարհներն ալ փակուի՞ն...

Դարձեա՞լ կ'ընտելանանք:

Այսպիսի պարագայի մը վարժութեան կամ ընտելանալու հարցեր չեն կրնար ըլլալ, կը յառաջանայ ըլլալ-չըլլալու հարց, որուն մասին ակնկալենք որ մեր վերի, շա՜տ վերի ղեկավարները հիմակուընէ մտածած ըլլան...    

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 13 Սեպտ. 2015