Երէկ՝ 15 յունուարին, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան այն մասին, թէ հայկական կողմի արձակած կրակոցէն սպանուած է ազրպէյճանական բանակի զինծառայող Ֆիկրէտ Նուրշիրաւանօղլու Պաշիրովը, սխալ է: Ազրպէյճանական կողմին խորհուրդ կու տանք զինծառայողի մահուան պատճառները փնտռել իրենց բանակին մէջ տիրող միջանձնային փոխյարաբերութիւներու մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը նշուի նաեւ, որ անցեալ գիշեր արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է հրադադարի խախտումը՝ հրաձգային զինատեսակներու կողքին կիրառելով նաեւ ականանետեր: Կեդրոնացուած արկակոծման ենթարկուած է ՊԲ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածները, որոնց ուղղութեամբ հակառակորդը արձակած է 54 արկ:ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդի աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու: Հակառակորդ կողմի նման պահուածքի շարունակման պարագային ՊԲ-ի կողմէ ձեռնարկուելիք գործողութիւնները աւելի խիստ պիտի ըլան:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ