Արցախեան գոյամարտի լէկէնտ- հերոսներէն Արկադի Տէր-Թադեւոսեան, որ յայտնի է Գոմանտոս անունով, Ստեփանակերտի մէջ ասուլիս մը տալով առաջարկ ըրած է տարբեր երկիրներու մէջ զինուորական ծառայութիւն մատուցող հայ սպաներուն միասին քննարկել Արցախի ընդհանուր իրավիճակը: Իրաւացի եւ տեղին հնչած այս կոչը յառաջիկայ օրերուն իր բնական արձագանքները պիտի ունենայ, եւ տարբեր դրօշակներու տակ իրենց սպայական պարտականութիւնները իրականացնող հայ զօրավարները պիտի արձագանքեն Գոմանտոսի կոչին: Շուշի հերոսաքաղաքի ազատագրութեան գործին մէջ հիմնարար դեր ունեցած զօրավարը երկար չէ խօսած: Տեղին եւ ամփոփ զինուորական կանչի մը ոճով աշխարհատարած իր մարտընկերներուն դիմելով զանոնք հրաւիրած է գործի: Այսօր գործի ժամանակներ են, եւ հերոսական կեցուածքով իր պարտքը կատարած հայկական բանակի բոլոր ստորաբաժանումները արժանի են համահայկական հոգածութեան: Արցախը անգամ մը եւս յաջողեցաւ միաւորել մեր ժողովուրդը կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ Արցախեան դէպքերը նոր փայլք տուին մեր միասնութեան ոգիին: Հիմա գործի պահն է, ու հայու արիւն կրող աշխարհի տարբեր երկիրներու մեր սպաներն ու զօրավարները պիտի գան կիսելու իրենց փորձն ու վկայութիւնը: Համահայկական իրական մօտեցումներու ժամը հիմա է, իսկ մնացեալ թատերական բեմադրութիւնները ոչ մէկ արժէք ունին: Գաղտնիք ալ չէ, որ հայոց բանակի զինուորներէն իւրաքանչիրը արժանի է մեր հոգածութեան: Անոնք լաւագոյնս կը կատարեն իրենց ուսերուն դրուած պարտքը եւ մենք բոլորս պարտաւոր ենք լաւագոյն պայմաններ ստեղծել հերոս զինուորներուն համար: Դէպի միասնութիւն մէկ քայլ է ու այդ քայլին առաջին կոչը լսուեցաւ Ստեփանակերտէն: Արձագանքողներ պիտի ըլլա՞ն: Կը սպասենք: