Հռոմ- Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպսներու Սիւնոդոսը Գերյարգելի Տ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեանը նշանակած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս: Նշենք, որ սոյն որոշումը արժանացած է Հռոմի քահանայապետութեան հաւանութեան: Գամիշլի ծնած (1961) Տ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան 2007-էն ի վեր կը վարէ Փարիզի Արնուիլ շրջանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօն: