Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Կոստանեանը յայտարարած է, թէ ամբողջութեամբ կ'աջակցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելը քաղաքական անհրաժեշտութիւն է։
«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նախկին գլխաւոր դատախազ, այժմ խորհրդարանի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահը պնդած է՝ ցանկացած ողջամիտ մարդ այսօր պարտաւոր է աջակցիլ Փաշինեանին․ - «Ազնիւ ա իր նպատակների մէջ, ազնիւ ա իր ցանկութիւնների մէջ: Ինձ համար սա չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի․․․ Եւ ազնիւ ա իր քաղաքական ուղղուածութեան մէջ, որը ինձ համար ընդունելի է անձնապէս: Այլ հարց է, թէ դա հիմա ինչ չափով է իրականացւում: Իմ ասածը հետեւեալն է, որ եթէ ես գտնում եմ, որ ե՛ւ նպատակների, ե՛ւ ցանկութիւնների, ե՛ւ գործողութիւնների յաջորդականութեան մէջ կայ էդ ազնուութիւնը եւ երկրի բարօրութեանն ուղղուած ա իրականացւում, ես միշտ կը կանգնեմ իրա կողքին, ցանկացած պահի»:
Կոստանեանը, հակառակ խմբակցութեան այլ պատգամաւորներու, նաեւ յայտարարած է, որ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր ոչ թէ ինչ-որ հրապարակի, այլ Հանրապետութեան լայն զանգուածներու նախընտրելի առաջնորդն է։
Անոր հրաժարականէն ետք այլ թեկնածու առաջադրելը, ըստ Կոստանեանի, «արհեստածին ու վտանգներով լի» կ'ըլլայ․ - «Եթէ կայ որեւէ այլ անձ, որը ունի հանրային միաւորման նման մակարդակ, ուրեմն հրաշալի մրցակցութիւն կը լինի: Բայց ես դեռ չեմ տեսնում: Կարող ա քսան օրից լինի, կարող ա մէկ ամսից լինի: Նստենք, քննարկենք, որոշենք: Բայց ես էս պահին տեսնում եմ, որ չկայ: Հետեւաբար նոյն իմ խմբակցութեան գործընկերները եւ բոլոր պատգամաւորները, իմ կարծիքով, ունեն առնուազն նոյն սկզբունքը, ինչ որ ես հիմա յայտնեցի: Այսինքն, որեւէ մէկը չի պատրաստուում ու դա անընդունելի կը լինի, որ երկրի դէմ որեւէ գործողութիւն կատարի»:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հարցին վերաբերեալ անցեալին բազմիցս դէմ արտայայտուած Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորը այսօր ալ նշած է, որ անոր իրաւական անհրաժեշտութիւնը այժմ ալ չկայ, սակայն, ըստ անոր, առաւել կարեւոր է խորհրդարանը ազատ արձակելու ներկայիս քաղաքական պահանջը։
Գէորգ Կոստանեանի խօսքով, Հանրապետական խմբակցութեան մէջ իր տեսակէտը կիսող բազմաթիւ պատգամաւորներ կան: Քննադատութենէն մտավախութիւն չունի, կ'ըսէ, որ պատրաստ է անգամ վար դնել պատգամաւորական մանդատը:
Նախորդ շաբաթավերջին Կոստանեանը հանդիպած էր առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորը չի թաքցներ, այդ հանդիպումէն ետք «յեղափոխուած է»․ - «Ես Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման արդիւնքում հաւաստիացայ այդ նպատակների իսկութեան, ազնուութեան եւ, որը չափազանց կարեւոր է իմ կարծիքով, հետեւողականութեան մէջ»:
Գէորգ Կոստանեանը վստահեցուցած է, թէ նոր կառավարութենէն որեւէ պաշտօն չակնկալեր, Եւրոմիութենէն արդէն աշխատանքի հրաւէր ստացած է, մինչեւ դեկտեմբեր վար պիտի դնէ մանդատն ու լքէ Հայաստանը։