image

Գամիշլիի Մէջ Ինկած Հրթիռները Հեռու Են Հայկական Շրջաններէն. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

Գամիշլիի Մէջ Ինկած Հրթիռները Հեռու Են Հայկական Շրջաններէն. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

Այսօր  երկու Հաուըն  տիպի հրթիռներ ինկած են սուրիական  Գամիշլի քաղաքին վրայ: Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ հրթիռները ինկած են   Թուրքիա-Սուրիա  «Հլէլիյէ»  սահմանային անցքին մօտակայքը,  եւ հրթիռներէն մին  ինկած է     «Նապի Սալէհ» մզկիթին վրայ:   Մեր  աղբիւրը  նաեւ նշեց, որ       հայկական շրջաններուն  մէջ  որեւէ   մտահոգիչ   իրավիճակ  չկայ, եւ կեանքը կը շարունակուի իր բնականոն հունով:   Լրատուական  տարբեր  աղբիւրներ     տեղեկութիւն տալով  հաղորդած էին, թէ  Սուրիոյ  հանդիպակաց  կողմը եղող Նուսայպին աւանին մէջ ծանր  մարտեր  տեղի կ'ունենան մէկ կողմէ քրտական  PKK-ի    ջոկատայիններուն եւ միւս կողմէ թրքական  բանակին  միջեւ: