Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարեց Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի խափանման միջոցը կալանքը ընտրելու միջնորդութիւնը: Այս մասին դատական նիստէն յետոյ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Խաչատրեանի պաշտպան Երեմ Սարգսեանը:
«Դատարանը գտաւ, որ ձերբակալումը իրաւաչափ չէր, բայց կալանաւորելու հիմքերը բաւարար են»,- ըսաւ Սարգսեանը:
Պաշտպանը նշեց, որ իրենք պիտի բողոքարկեն այս որոշումը: