image

Գաղթակայանի մէջ ապաստանած երկու սուրիացի երեխաներ մահացած են ցրտահարութենէ

Գաղթակայանի մէջ ապաստանած երկու սուրիացի երեխաներ մահացած են ցրտահարութենէ

երէկ, 1 Դեկտեմբերին, Յորդանանի հիւսիս-արեւելեան շրջանի սուրիացիներու գաղթակայանին մէջ երկու սուրիացի  երեխաներ մահացած են ցրտահարութենէ: Այս մասին կը տեղեկանանք «RT Arabic» լրատուական կայքէն, որ կ'աւելցնէ, թէ երեխաներէն մէկը 7 տարեկան էր, երկրորդը՝ 1,5 տարեկան:

Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ յիշեալ գաղթակայանին մէջ ապաստան գտած է շուրջ 70 հազար սուրիացի ընտանիք, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել բաւականին ծանր պայմաններու մէջ՝ Յորդանան-Սուրիա սահմանին փակ ըլլալուն պատճառով: