13 Սեպտեմբերին Ֆրանսայի Սենատի Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան յատուկ յանձնաժողովը որոշած է օրէնքի փոփոխութենէն զեղչել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտելիութիւնը պատժելու համար նախատեսուած յօդուածը, որու հետեւանքով օրինագիծը, ըստ ֆրանսական Սահմանադրութեան՝ վերստին Խորհրդարան պիտի ղրկուի քննարկուելու համար: Կը նշուի նաեւ, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմինը՝ CCAF այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնած է Սենատի կողմէ առնուած այս քայլին համար, նշելով, որ Ֆրանսա անխնայ պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան, խաւարամտութեան եւ դաւադրութիւններու դէմ եւ այդ յօդուածը խիստ եւ յստակ պատգամ մըն էր անտեղի կեցուածք ցուցաբերելու եւ մարդկային արժանապատւութեան դէմ ուղղուած ժխտողականութեան քարոզչութիւնները օրինազանց հռչակելու առումով: