image
Հրատապ լուրեր:

ֆրանսական «Les Jours»ի լրագրողը արտաքսուած է Թուրքիայէն

ֆրանսական «Les Jours»ի լրագրողը արտաքսուած է Թուրքիայէն

11 Նոյեմբերին Թուրքիոյ սահմանամերձ Կազիանթէպ (պատմ. Այնթապ) նահանգին մէջ ձերբակալուած է ֆրանսական «Les Jours» լրատուական գործակալութեան  թղթակից  Օլիւըր Պերթրանտը արտաքսուած է երկրէն: Այս մասին կը գրէ «Deutsche Welle» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը, նշելով, որ լրագրողը ձերբակալուած էր առանց պաշտօնական թոյլտուութեան նկարահանումներ իրականացնելու, ինչպէս նաեւ կիւլէնականներուն  աջակցելու մեղադրանքով:

Այս առթիւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը քննադատելով ֆրանսացի լրագրողին ձերբակալութեան փաստը, պահանջած էր, որ վերջինիս ազատ արձակեն: