image

Ֆրանսացի գործիչը դատապարտած է ազրպէյճանական նկրտումները

Ֆրանսացի  գործիչը դատապարտած  է ազրպէյճանական  նկրտումները

Ֆրանսայի Տրոմ  շրջանի նահանգային խորհուրդի նախագահ եւ  երեսփոխան Փաթրիք Լապոն իր ընդվզումը արտայայտած է Յաղթանակի կամարին տակ ազրպէյճանական նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան առթիւ:«Հանրապետական պահակազօրքին եւ Նախկին ռազմիկներու որոշ ընկերակցութիւններու մասնակցութիւնը այս ժխտողական արարողութեան՝ ամօթալի է մեր Հանրապետութեան համար» ըսած է ան: Լապոն դատապարտած է նաեւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովէն ներս կատարուած ազրպէյճանական քարոզչութիւնը: