image

Ֆրանսա որոշած է ընդունիլ 25 հազար սուրիացի փախստական

Ֆրանսա որոշած է ընդունիլ 25 հազար սուրիացի փախստական

Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի կողմէ նախաձեռնուած Լիբանանին աջակցելու եւ սուրիացի գաղթականներու բեռը թեթեւցնելու որոշման ծիրին մէջ, Ֆրանսա համաձայնած է 25 հազար սուրիացի գաղթական ընդունիլ, պայմանաւ, որ ժամանողները ամուսին, կին եւ զաւակներէ բաղկացած ընտանիքներ ըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ընտանիքներու ընտրութեան իրաւունքը ֆրանսական հիւպատոսարանին վերապահուած է:

Նշուած է, որ ֆրանսական հիւպատոսարանի կողմէ ընտրուած յանձնաժողովը, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու հետ միասին պիտի այցելէ սուրիացիներու գաղթակայանները, ուսումնասիրելու համար վերջիններուս վիճակն ու պայմանները, այնուհետեւ Ֆրանսա տեղափոխելու գործողութիւնը 6 ամիսէն մէկ տարի պիտի տեւէ: