Ֆրանսա- («Ալ Մայատին»- Պէյրութ) Ֆրանսա յառաջիկայ օրերուն «Շարլ Տը Կոլ» ռազմանաւը Մերձաւոր Արեւելք պիտի առաքէ: Այս մասին այսօր խօսած է նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ: Հոլլանտ նաեւ ըսած է, որ իրենք վճռած են մինչեւ վերջ պատերազմ մղել Տահէշին դէմ: Նշենք, որ վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն փարիզեան Սէն Տընի շրջանին մէջ ձերբակալուած մեղադրեալները նպատակ ունեցած են փարիզի յայտնի դրամատուներու փողոցը: