Եուրի Խաչատուրով հեռացուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՀԱՊԿ պաշտօնական կայքը:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքով:
26 Յուլիսին Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը մեղադրանք առաջադրած էր ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին՝ 2008 թուականին սահմանադրական կարգը տապալելու համար: