Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսէյ Մեշքով երէկ, 15 Դեկտեմբերին, «Interfax» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին զարմանք յայտնած է, թէ արդեօք եւրոպացիք կո՞ղմ են ահաբեկչութեան, թէ հետամուտ են Սուրիոյ ճգնաժամին լուծում տալու:
«Մեր եւրոպացի գործընկերները պէտք է պատասխանեն երեք շատ պարզ հարցերու. առաջինը՝ արդեօք իրենք կո՞ղմ են ահաբեկչութեան, թէ ցանկութիւն ունին Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու: Այս հարցին պատասխանը գործնական գետնի վրայ անորոշ է: Երկրոդ հարցը՝ Արդեօք իրօք ցանկութիւն ունի՞ն Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակը բարելաւելու, թէ այդ ամէնը պարզապէս գովազդային քարոզարշաւ է: Մենք յաճախ կը լսենք Եւրամիութեան Սուրիա ուղարկած մարդասիրական օգնութիւններուն մասին, սակայն տակաւին ոչինչ տեսած ենք: Ուրեմն ո՞ւր կը տարուին այդ օգնութիւնները, եթէ տեղի բնակիչները ոչինչ կը ստանան: Երրորդ հարցը՝ ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ կը ցանկան ապրիլ. իսկակա՞ն, թէ երեւակայական: Արդէն յոգնած ենք այն հեքիաթներէն, որոնք կը պատմեն մանկապարտէզներու եւ հիւանդանոցնելու աւերման մասին»,- ըսած է Ալեքսէյ Մեշքով:
Ան միաժամանակ յայտնած է, որ Եւրամիութիւնը, բացառութեամբ քանի մը երկիրներու, ոչ մէկ գործօն դեր խաղացած է Սուրիական ճգնաժամի հարթեցման ուղղութեամբ, սակայն եւրոպական մայրաքաղաքներու հնչեցուցած յայտարարութիւնները դիւանագիտական աշխատանքի սահմանները անցած են՝ առանց նշանակալից արդիւնքի հասնելու:
Մեշքով նշած է, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, Եւրամիութեան ներկայացուցիչներէն ոչ ոք ներկայ է Սուրիոյ պատերազմի գօտի հանդիսացող շրջաններուն մէջ: