image

«Եթէ ասանկ շարունակուի, բոլորը դուրս պիտի գան Հալէպէն». Սարգիս Օղուլեան

«Եթէ ասանկ շարունակուի, բոլորը դուրս պիտի գան Հալէպէն». Սարգիս Օղուլեան

«Հալէպի ապագան շատ մութ է: Եթէ այսպէս շարունակուի, Հալէպին լաւ բան չսպասէր,-«Արեւելք»-ին ըսաւ ուրբաթ օր Երեւան հասած սուրիահայ Սարգիս  Օղուլեան: «Եթէ ասանկ շարունակուի, ուշ կամ կանուխ, բոլորը պիտի ելլեն Հալէպէն: Վիճակը բաւական ծանր է,  յատկապէս   սեպտեմբերի ծանր հրթիռարձակումներէն ետք: Ճիշդ է որ դպրոցները բացուեցան, բայց  այս  օրերուն վիճակը շատ վատ դարձաւ եւ ծնողները  կը հրաժարին իրենց զաւակները դպրոց ղրկելէ»,-նշեց սուրիահայ Օղուլեանը: Ան, անդրադառնալով Հալէպէն դուրս գալ չուզող հատուածին, ըսաւ. «Շատեր ալ կան, որոնք տարբեր ձեւերով կախուածութեան մէջ են՝ իրենց տունն ու կալուածը չեն ուզեր ձգել կամ    բանակին մէջ ծառայող զաւակ ունին»:

Սարգիս, որ   մասնագիտութեամբ ինքնաշարժի արհեստաւոր է, վերջին ամիսներուն սկսած էր խոհարար աշխատիլ Հալէպի  ՀՄԸՄ պարտէզին մէջ: «Չէք հաւատար ինչքան շատ մարդ պարտէզ կը յաճախէր խաղաղ օրերուն, նստելու տեղ չէր մնար, բայց երբ  հրթիռակոծումները շեշտանային, կը ստիպուէինք փակել   պարտէզն ու  ճաշարանը,   մարդոց մահուան պատճառ  չդառնալու համար», -կը պատմէ Սարգիս:

«Արեւելք»-ի  այն հարցին, թէ  ինչո՞ւ այս հանգրուանին  Հայաստան գալու որոշում կայացուցած էր Օղուլեան ընտանիքը, Սարգիս պատասխանեց. «Երբ լսեցինք, որ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի կողմէ  օդանաւի անվճար տոմսերու դրութիւն մը կայ, քաջալերուեցանք, մանաւանդ, որ կապուածութիւն մը չունինք Հալէպի հետ, հետեւաբար շատ աւելի դիւրին եղաւ Հալէպէն հեռանալու վերջնական որոշում  կայացնելը»:  Սարգիս նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն ապահովական վիճակի հետզհետէ վատթարացումը, ամէն օր մահուկենաց պայքարի մէջ ըլլալը, նոյնպէս դեր ունեցած էր վերջնականապէս դուրս գալու որոշումի կայացման: «Տան մէջ անհանգիստ եւ լարուած վիճակ մը կար եւ այս բոլորը արդէն վեց տարի տեւած պատերազմին պատճառով: Զաւակներէս մէկը ջղային խնդիրներ ունէր եւ պատերազմը աւելի վատ դարձուց անոր վիճակը», -աւեցուց Սարգիս, յոյս  յայտնելով, որ Երեւանի մէջ աշխատանք ճարելու եւ ընտանիքը պահելու առիթ ունենայ :

Անդրադառնալով Պէյրութ-Տոհա-Երեւան ճանապարհին, նշեց, որ բաւական տանջալի եւ յոգնեցուցիչ եղած էր ծանր ճամպրուկներով  օդակայանին մէջ երկար հերթեր սպասելն ու մանրակրկիտ խուզարկութեան ենթարկուիլը, իսկ Հալէպէն Պէյրութ  ցամաքային ճանապարհին մասին Սարգիս նշեց, որ հակառակ հեռաւոր  շրջաններէն լսուող ծանր հրթիռարձակումներու ձայներուն, ճամբան համեմատաբար հանգիստ էր. «Մենք Խանասէրի  ճամբով Պէյրութ  հասանք, բայց  վստահ չեմ, թէ հիմա այդ ճանապարհը ինչքանով ապահով է: Անցնող օրերուն,  ինչպէս դուք ալ գիտէք, շատ ծանր էր վիճակը եւ նոյնիսկ համացանցային կապ չկար, որպէսզի գիտնայինք թէ  ինչ  վիճակ կը տիրէ Հալէպին մէջ»,-ըսաւ ան:

Սարգիս, կարծիք յայտնելով Հալէպի ապագայի մասին. «Իմ կարծիքով  Հալէպի ապագան մութ է: Եթէ այսպէս շարունակուի, Հալէպին լաւ բան չսպասէր: Հակառակ որ բանակը իր կարելին կ'ընէ ընդդիմադիրներու շրջանները ազատագրելու համար, բայց մինչեւ  հիմա  այդ մէկը  չիրականացաւ: Փառք Աստծոյ, որ այդ ահաբեկիչները  օդանաւեր չունէին, այլապէս մեր շրջանները աղէտի մէջ կը յայտնուէր: Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ  եղած   զինեալները  ամէն տեսակի արդիկան զէնքեր ունին եւ կարծես վերջին ամիսներուն ալ նոր զէնքեր ստացան, որովհետեւ լսուած ձայներէն կը զգայինք, որ անոնք ուրիշ տեսակի հրթիռներ են»:

Նշենք, որ անցնող մէկ  շաբթուան ընթացքին քսանէ աւելի հալէպահայեր Երեւան հասան,  որոնց վերջին խումբի դէպի Երեւան տոմսերը ապահովուած էին Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցուոյ աջակցութեամբ: Մեր հայրենակիցները դիմաւորուեցան Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակի աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն»ի  աշխատակիցներուն կողմէ:

AMMA-ի   Երեւանի  գրասենեակի  ներկայացուցիչ Լուսինէ Օհանեան «Արեւելք»ին  խօսելով, յայտնեց, որ գրասենեակը նոր չէ որ կ'աջակցի Երեւան հաստատուիլ ուզող  հայրենակիցներուն. «Մենք պատրաստ ենք  տուներ վարձակալելու դրամական օգնութիւն տալ,  Երեւան ժամանելու առաջին օրերուն զիրենք կ'ընդունինք   մեր գրասենեակին մէջ՝ կարճ ժամկէտներով, որմէ ետք  կը լուծենք անոնց բնակարանի հարցերը»: Գրասենեակի ներկայացուցիչը նաեւ յայտնեց, որ իրենք կը գործակցին Երեւանի մէջ գործող բարեսիրական միութիւններուն հետ եւ այդ կազմակերպութիւններու միջոցաւ իրենց դիմող սուրիահայերու առողջական հարցերու լուծմամբ կը զբաղուին: «Անցեալ  շաբաթ օրինակ, չորս անձեր, որոնք  առողջական շտապ լուծելի խնդիրներ ունէին,  դիմեցին մեզի եւ մենք արագ կարգադրութիւններ ըրինք լուծելու համար  այդ   խնդիրները»,-ըսաւ ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ Սարգիսի ընտանիքը, ինչպէս նաեւ այլ սուրիահայեր, անցեալ ուրբաթ Երեաւն հասան AMMA-ի կողմէ ամբողջական ծախսերու հովանաւորութեամբ:  Հայ Աւետարանական ընկերակցութիւնը պիտի լուծէ նաեւ անոնց բնակարանի հարցերը, ինչպէս նաեւ նախնական աջակցութիւն ցուցաբերէ՝ կարգաւորելու անոնց   առողջական խնդիրները: