image

Ես Ոտքի Եմ, Այսպէս Պիտի Մնամ Եւ Պիտի Չիյնամ. Սեւան Նշանեան (Լուսանկար)

Ես     Ոտքի Եմ, Այսպէս Պիտի Մնամ Եւ Պիտի Չիյնամ. Սեւան Նշանեան (Լուսանկար)

Սեւան  Նշանեան  երէկ   իր ընկերներուն հետ նշած է իր ծննդեան 60-րդ տարեդարձը: Այս   մասին տեղեկութիւնը  ստացանք  Պոլսոյ մեր  աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  երէկ  Նշանեան  իր ներկայութիւն իր  հարազատներուն  եւ   ընկերներուն   Պոլսոյ «Ճէզայիր»   սրահին մէջ նշած  է իր տարեդարձը: Այս առթիւ Նշանեան  կարճ խօսք  մը արտասանելով    ըսած է՝  «Ես ոտքի եմ, այսպէս պիտի մնամ եւ պիտի չիյնամ» :Նշանեան նաեւ  ըսած է ,  որ բանտարկութըւնը  հզօր փորձառութիւն է մարդուս  եւ ձաղկած  այն բոլորը, որ կը պայքարին խօսքի ազատութեան դէմ: Նշենք, որ  Նշանեան ներկայիս կիսաբանտային  րէժիմի մը տակ է: Ան  առաւօտները իր գտնուած  գիւղին  մէջ շրջագայելու իրաւունք  ունի, իսկ երեկոները պէտք է  բանտ վերադառնայ՝  գիշերելու: Ան նոյնպէս բանտի գրադարանի տնօրէն  նշանակուած  է, կրնայ  համակարգիչ կրնայ օգտագործել, սակայն ոչ համացանց:  Նշանեան  երեք ամիսը   անգամ մը մէկ  շաբաթով  տուն երթալու արտօնութիւն կը ստանայ: Այս անգամ ալ զուգադիպած էր իր ծննդեան օրուան  հետ:Նշենք, որ Սեւան Նշանեանի   ծննդեան օրուան մասին «Արեւելք»ի  այս տեղեկութիւնը եւ լուսանկարները փոխանցեց  Պոլսահայ հրապարակախօս ՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս: