image

«Ես լաւ եմ, յետոյ կը խօսինք»... այնուհետեւ կապը ընդհատուեցաւ

«Ես լաւ եմ, յետոյ կը խօսինք»... այնուհետեւ կապը ընդհատուեցաւ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պին Սալմանի խօսքը, թէ Հարիրի հրաժարելէ ետք դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ սովորական քաղաքացի, որ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկուած է, ստիպած է Մաքրոնին գիշերով Սէուտական Արաբիա մեկնիլ, Պին Սալմանի հետ հանդիպելու համար, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Իր հերթին նախագահ Աուն կը շարունակէ բանակցութիւնները տարբեր երկիրներու ղեկավարներու մօտ որպէս միջնորդ ուղարկելով Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ, արագացնելու համար Հարիրիի վերադարձը Պէյրութ:

Նշենք, որ ըստ «Ալ Տիար» լրատուական կայքին, նախագահ Աունի անցեալ շաբաթ օր Հարիրիէն ստացած հեռախօսազանգի ընթացքին վերջինս չէ խօսած Պէյրութ վերադառնալու իր մտադրութեան մասին, ընդամէնը քանի մը բառ. «Հրաժարականս ներկայացուցի, ես լաւ եմ, յետոյ կը խօսինք», եւ կապն ընդհատուած է: Անկէ ետք Պաապտայի պալատը բազմիցս փորձած է կապ հաստատել Հարիրիի եւ իր ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն ապարդիւն:

Պէյրութ գտնուող արեւմտեան երկիրներու դիւանագէտներ պնդած են, որ Սէուտական Արաբիա Հարիրիի խնդիրը կը դիտէ որպէս ներքին հարց, ու ըստ այնմ կը գործէ: