image

«Ես չեմ ստիպեր, ես միջնորդ եմ եւ կը կատարեմ մարդու խնդրանքը». Մարդու օրկաններ վաճառող «միջնորդ» Ապու Թալալին պատմութիւնը

«Ես չեմ ստիպեր, ես միջնորդ եմ եւ կը կատարեմ  մարդու խնդրանքը». Մարդու օրկաններ  վաճառող «միջնորդ» Ապու Թալալին պատմութիւնը

Ապու Թալալ, գիշերները կ’աշխատէր որպէս գինետան մը պահակ, այն երկրին մէջ ուր զինք  եւ շատ մեծ թիւով սուրիացի փախստականները  գրկաբաց ընդունեց: Ան  հանդիպած է  մարդու  մարմնի  օրկաններ գնող վաճառականներու խումբի մը, ապա սկսած է որոնել  սուրիացի յուսահատ մարդկանց եւ համոզած է  «վաճառել»  իրենց մարմնի անդամներէն մէկը:  Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ծանր պայմանները պատճառ հանդիսացած  են, որ սուրիացի փախստականներ Լիբանանի մէջ  կատարեն այսպիսի  «շահաւէտ»  գործառքները:      

Ապու Թալալը կ’ընդունի, որ ան «կը շահագործէ մարդկանց», սակայն կ’արդարանայ ըսելով, թէ տեղահանուած ժողովուրդէն շատեր ենթակայ էին մահուան, եւ մարմինի անդամ մը ծախելը չի համեմատուրի այն ապրումներու հետ, որ իրենք ունեցած են իրենց երկիրին մէջ: «Կը շահագործեմ, եւ իրենք ալ կ’օգտուին այդ շահագործութենէն»,- ըսած է ան, ապա  շարունակած է, «Երեք տարիներու ընթացքին, մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող պզտիկ սենեակի մը մէջ  կատարած եմ մարդկային անդամներու վաճառքի 45 համաձայնագրութիւններ»:

Ապու Թալալը ըսած է, որ աւելի շատ կը պահանջեն երիկամներ, սակայն ան ձեւը գտած է նաեւ ծախելու այլ անդամներ:  «Օրինակ, օր մը աչք ուզեցին: Ես գտայ այն անձը ով համաձայն էր աչքը ծախելու: Նկարեցի մարդուն աչքը եւ WhatsApp–ի միջոցով ղրկեցի գնորդին, համաձայնագրութիւնը կնքելու համար»,- պատմած է ան:

Ան  Լիբանանի նեղ  փողոցները պտըտելով, կը փորձէ ձեռք ձգել նոր սուրիացի անդամատու մարդոց,   սուրիացիներու,  որոնց լիբանանեան կառավարութիւնը աշխատանքի իրաւասութիւն չէ տուած, մինչդեռ բոլոր գաղթականները կը պայքարին աշխատելու հնարաւորութիւն ստանալու.  «Տուժեցին այն փախստականները, որոնք հնարաւորութիւն չունեցան արձանագրուելու  որպէս գաղթականները: Ի՞նչ պէտք էր ընէին: ճարահատ,  ապրելու միջոց մը հայթայթելու միակ միջոցը անդամ մը ծախելն է»,-ըսած է։

Որոշ գաղթականներ, յատկապէս երեխաները մուրացկաններ եղած են, կամ  փողոցը կօշիկ մաքրողներ, կամ  թաշկինակ եւ ծամոն ծախողներ, կամ ալ մարմնավաճառներ:  Այս պատճառով ալ Ապու Թալալը կը սեպէ մարմինի անդամ ծախելը աւելի նպաստաւոր եւ արագ մեծ գումար  ունենալու լաւագոյն միջոցն է:

Երբ Ապու Թալալը կը գտնէ յաճախորդը, օրը եւ ժամ կ’որոշեն, վարձով տան մը մէջ բժիշկներ արեան քննութիւնները  կատարելէ յետոյ գործողութիւնը  կը կատարեն: «Գործողութենէն ետք, շատ կարճ ժամանակ կը խնամեմ անդամատու անձը:  Զիս չի հետաքրքրեր մարդը եթէ  մահանայ:  Ես ստացայ իմ ուզածս, ինքն ալ ստացաւ իր գումարը, թէ այդ գործընթացքէն ետք ինչ որ ալ ըլլայ չ’անհանգստացնէր զիս»,- յստակացուցած է ան:

Ապու Թալալի իր վերջին «յաճախորդ»ը 19 տարեկան սուրիացի տղայ մը եղած է, որ երեք տարի առաջ  փախած է Սուրիայէն հօր  եւ եղբայրներուն սպանութենէն յետոյ:  Ան խեղդուած է պարտքերու մէջ եւ կը պայքարէր ապրելու միջոց մը հայթայթելու իր մօր եւ հինգ քոյրերուն: Այդ ընթացքին, Ապու Թալալ համոզած էր  տղուն ծախել իր աջ երիկամը եւ ստանալ ութ հազար տոլար եւ  ըսած, որ վաճառականները  անդամահատուած անդամը կը ծախեն երկրէն դուրս:

Ապու Թալալ  կը կարծէ թէ Լիբանանի մէջ   շատ վաճառականներ կան:  «Գործը շատցաւ, յատկապէս երբ սուրիացիները Լիբանան գաղթեցին»:

Անդրադարձած է նաեւ այն հարցին, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը տառապի փոխպատուաստման սակաւաթիւ գործողութիւններէն, «կրօնական եւ մշակութային համոզումները խոչընդոտ կը հանդիսանան, որ  մարդը մահանալէն  ետք իր  մարմինի  օրկանները  նուիրաբերել: Նոյնիսկ շատ մը  ընտանիքներ կը նախընտրեն անմիջապէս թաղել մահացողը   այդ խնդրէն   հեռու մնալու համար»- ըսած է Ապու Թալալ:

 Ան գիտակ է, որ իր գործը օրինաւոր  գործ մը չէ, սակայն կառավարութենէն  չի վախնար: Նոյնիսկ իր հեռաձայնի թիւը գրուած է իր տան շրջապատող փողոցներու պատերուն վրայ, եւ ան մեծ հեղինակութիւն ունեցող անձ  է: «Գիտեմ, որ այն ինչ ես կ’ընեմ, օրէնքը կը հակասէ, սակայն ես կ’օգնեմ մարդոց»,- ըսած է ան պարզաբանելով իր միտքը, ապա շարունակած է. «Յաճախորդը դրամ կ’առնէ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու իրեն եւ իր ընտանիքին, կարելիութիւն կ’ ունենայ ինքնաշարժ մը գնել  եւ որպէս վարորդ աշխատիլ,  նոյնիսկ այդ դրամով կրնայ ուրիշ երկիր ճամբորդել:  Ես կ’օգնեմ մարդկանց եւ չեմ ուզեր օրէնքը յարգել»,-անդրադառնալով այն հարցին, որ օրէնքը ինքը դժուարացուցած է գաղթականներուն կեանքը, ապա աւելցուցած է.  «Ես չեմ ստիպեր, ես միջնորդ եմ եւ կը կատարեմ  մարդու խնդրանքը»:

Երբ հարցուցած են, թէ որքանով կը ծախէ իր աչքերը, ան լռած է, հոգոց մը հանած է , ապա հայեացքը ուղղած է  դէպի  հեռուն ….

 

 

 Նիւթի աղբիւր ՝ Only Lebanon news